Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլ

Նոր Տարուան Սեմին՝

Հայ Ժողովուրդը Լուրջ Պահանջներ Ունի

Հայրենիքի պատասխանատուներէն

                                                             Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ

Մեր ամբողջ ժողովուրդին սիրտը՝ Հայաստան-Արցախ հայրենիքը , այսօր ենթարկուած է գոյութենական այնպիսի ճակատագրական տագնապի մը որուն հետևանքով անվիճելի անհրաժեշտութիւն դարձած է ամբողջ ժողովուրդի անունով պահանջներ դնելու հայրենիքի պատասխանատուներուն դիմաց: Որոշ է նաեւ որ օրինական ոչ մէկ ձեւաւորում գոյութիւն ունի որպէսզի ժողովուրդը կարենայ օրինաւոր կերպով արտայայտել իր մեծամասնութեան պահանջները: Ահա այս իրականութեան գիտակից ըլլալով է որ այս յօդուածին որպէս հեղինակ ազատ կզգամ թարգմանը ըլլալու նուազագոյնը մեր ժողովուրդի գիտակից խոշոր լուր մեծամասնութեան մտածումներուն, մտահոգութիւններուն եւ անոնցմէ բխած խիստ եւ լուրջ պահանջներուն:

            Այս գրութիւնը ուղղուած է, լայն առումով մեր հայրենիքի բոլոր պատասխանատուներուն որ իր մէջ կը պարփակէ բնականաբար առաջին հերթին՝ այսօրուան իշխանութիւնները եւ սակայն ոչ միայն անոնք: Արդարեւ անխուսափելիօրէն պատասխանատուներուն շարքին են նաեւ շատ ուրիշներ: Անոնց շարքին են նոյն ինք Հայաստանի Նախագահը, խորհրդարանական ընդիմադիրները, արտախորհրդարանական բազմաթիւ եւ բազմերանգ հասարակական եւ քաղաքական կազմակերպութիւնները, յատկապէս անթիւ եւ անհամար կուսակցութիւնները, մտաւորական ամբողջ վերնախաւը, եւ ի վերջոյ՝, ի հոգեւորս, նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին իր աւագ հոգեւորականներով գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Հայրապետին:

            Մեր մայր երկրին այսօրուան տագնապը գոյութենական է: Վտանգը մեր բազմադարեան հայրենիքը կորսնցնելու ճակատագիրն է: Ճգնաժամային ահազանգը հնչեցնելու ժամը հիմա է եթէ արդէն իսկ ուշ չէ: Երբ անխուսափելին պատահի, այլեւս անօգուտ է այպանումներ եւ դատապարտումներ արձակելը տարբեր հասցէներու:

            Ահա այս փոթորկայոյզ խորհրդածութիւններով է որ վերեւը բնորոշուած պատասխանատուներէն՝ մեր ժողովուրդը կը պահանջէ առնել առարկայական քայլեր երեք ուղղութիւններով:

            Առաջին պահանջը ուղղակիօրէն հասցէագրուած է այսօրուան իշխանութիւններուն: Անոնք իրենց կառավարման աշխատանքներուն մէջ տակաւին կարճատեսօրէն կը շարունակեն սահմանափակուիլ առանձնապէս իրենց «հաւատարիմ» նկատած մարդկային բարեկամ ուժերուն վրայ, որոնք ակնյայտօրէն անբաւարար եւ յաճախ անփորձ եւ անկարող են դիմագրաւելու այսօր Հայաստան-Արցախի դիմագրաւած՝ քաղաքական, պաշտպանական , դիւանագիտութեան, տնտեսական , մարտահրաւէրները: Իշխանութիւններէն կը պահանջուի օգտագործել հայութեան տրամադրելի բոլոր կարող ոյժերը:

            Առաւել եւս սկսած է պարզուիլ որ իշխանութիւնները, անկարողութենէ եւ յուսախաբութիւններէ մղուած  ճնշման տակ սկսած են հակաժողովրդավարական քայլերու դիմել, ինչպէս օրինակի համար ոստիկանական ոյժ գործածելով արգիլելով որ օրինաւորապէս ընտրուած քաղաքացին մուտք գործէ իր պաշտօնավայրէն ներս:

            Հայ ժողովուրդը բոլորովին անընդունելի կը գտնէ վերեւը նշուած այս վարքագիծը եւ կը պահանջէ իշխանութիւններէն՝ անյապաղ վերջ դնելայս գործելակերպին:

            Երկրորդ պահանջը ուղղուած է վերեւը բնորոշուած լայն առումով հայրենիքի բոլոր «պատասխանատուներուն»: Արդարեւ մինչ իշխանութիւններէն կը պահանջուի ներգրաւել իրենց նեղ շրջանակէն դուրս գտնուող կարող բոլոր ոյժերը, նոյնպէս ալ կը պահանջուի այս վերջիններէն իրենց պատրաստակամութիւնը եւ տրամադրելիութիւնը հրապարակաւ յայտարարել եւ ցուցադրել: Անոնք պարտին, ներկայ տագնապալի կացութեան մէջ իրենց տրամադրութիւնը հրապարակաւ յայտնել թէ պատրաստ են կառուցողական եւ գործնական միջոցներով սատարելու օրուան իշխանութեանց:

            Ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն ճնշման տակ ակնկալուածը ստեղծելն է համաձայնական համախմբուած ոյժերով կառավարման արտակարգ կառոյց մը ուր իւրաքանչիւր բնագաւառի մէջ Հայաստան եւ Արցախ կարենան օգտուիլ երկրի լաւագոյն ոյժերէն, առանց որ արծարծուին արտահերթ ընտրութիւններու առաջարկներ: Ակնյայտ է որ երկրին այսօրուան քաղաքական ներքին մթնոլորտին մէջ , նոր ընտրութիւններու դիմել կրնայ միայն աւելի եւս բաժանարար եւ քանդիչ հետեւանքներ ունենալ:

            Այս կապակցութեամբ, հայրենիքի մտաւորական եւ հոգեւորական վերնախաւէն կը պահանջուի իրենց խօսքերով, կոչերով եւ վերլուծական գրութիւններով, ընդհանուր կառուցողական այս մօտեցումը քաջալերել, դիւրացնել եւ ի վերջոյ բացայայտ պահանջել:

            Ահա այս երկրորդ պահանջն է հայ ժողովուրդին՝ որ ուղղուած է թէ իշխանութեան եւ թէ հայրենիքի ամբողջ վերնախաւին:

            Վերջապէ’ս  հայ ժողովուրդի երրորդ ակնկալութիւնը եւ պահանջը կը վերաբերի ազգային, հիմնական այն խոշոր բացթողումին որ կը կայանայ, այսօրուան գոյութենական ազգային մեծ տագնապին օժանդակելու գործին՝ չկարենալ մասնակից դարձնելը հսկայական տարողութիւն ունեցող հայ Սփիւռքը: Ընդհակառակը այսօրուայ դրուածքով, Սփիւռքի բազմակողմանի կարողականութիւնը (potential) նուազագոյն չափով միայն մասնակից է հայրենիքի փրկութեան գործին, հակառակ իր ունեցած նիւթական, մտաւորական եւ մարդկային հսկայական միջոցներուն:

            Կընդունինք թէ Սփիւռքը իր այսօրուան ձեւաւորումով չունի միակտուր ընդհանուր կազմակերպուածութիւն: Սակայն ան անկասկածօրէն ունի փաստուած եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն ցուցաբերած՝ բազմաշերտ կազմակերպութիւններ ինչպէս նաեւ արտակարգ յաջողութիւններու հասած անհատներ, որոնց խոշոր մեծամասնութիւնը տրամադիր է օժանդակելու իր մայր հայրենիքին:

            Այս հսկայական ոյժը օգտագործելը ի նպաստ մայր երկրին դիւրին գործ չէ, անկասկած: Սակայն այդ աշխատանքը գոնէ մասամբ յաջողութեամբ առաջ տանիլը պարտականութիւնն է պետութեան:Մինչեւ այսօր կարևորագոյն այս խնդրին՝ անցեալի եւ ներկայի իշխանութեանց մօտեցումը բոլորովին մակերեսային անկատար եւ անընդունելի եղած է:

            Մենք՝ սփիւռքահայերս պատրաստ ենք լրջութեամբ օժանդակելու կազմակերպչական այս աշխատանքին:

            Հայ ժողովուրդի պահանջն է հայրենիքի պատասխանատուներէն այս կապակցութեամբ եւս առաջնահերթութեան գծին վրայ դնել, իրատես եւ գործնական քայլեր առնելու պարտաւորութիւնը:

            Եզրակացնելով կը կրկնեմ նախաբանին մէջ արտայայտած վստահութիւնս թէ կատարուած վերոյիշեալ երեք պահանջները արտայայտութիւնն են հայ ժողովուրդի նուազագոյնը լուր մեծամասնութեան կամքին՝ ուղղուած հայրենիքի լայն առումով բոլոր պատասխանատուներուն:

            Կը խորհիմ թէ պատմութիւնը բարձր գնահատանքով կամ խստութեամբ պիտի արժեւորէ կամ դատէ անոնց իրագործման օժանդակող կամ արգելք եղող ոյժերը եւ անհատները:

«Ապագայ»
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին