Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Տիգրան Կամսարական

Տիգրան Կամսարական (1866, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն – 4 Յունուար 1941, Վիշի), արձակագիր եւ հրապարակագիր, «Վարժապետին Աղջիկը» վէպին հեղինակը։

Ծնած է Պոլիս, ուր ստացած է նախնական ու միջնակարգ ուսում, ապա անցած է առեւտրական ասպարէզ իբր գրագիր ու աշխատակցած՝ զանազան թերթերու։ Տիգրան Կամսարական, Պոլսոյ Գատըգիւղի Արամեան միջնակարգ վարժարանը աւարտելէ անմիջապէս ետք, 1882-ին կը մտնէ ծխախոտի արդիւնաբերութեամբ զբաղող հօրը գործին մէջ, միաժամանակ հոգեմտաւոր իր զարգացումը, գրական սնունդը առնելով Ալֆոնս Տոտէի նման ֆրանսացի իրապաշտ գրողներէ:

Տիգրան Կամսարական, հազիւ քսան տարեկան, թերթերու մէջ կը հրատարակէ քրոնիկներ։ Սերտօրէն գործակցելով Ա. Արփիարեանի, Գր. Զօհրապիի եւ Հ. Ասատուրի, Տ. Կամսարական յաճախ կ՛երեւի «Մասիս»ի մէջ։

1888-ին լոյս կ՛ընծայէ իր առաջին մեծ գործը՝ «Վարժապետին Աղջիկը» վէպը, գրուած 20 տարեկանին, որ մեծ հռչակ ապահոված է իրեն ու շատերու կողմէ կը նկատուի՝ արեւմտահայ առաջին իրապաշտ վէպը։

1890-ականներուն սկիզբը, երբ «Արեւելք», «Հայրենիք» ու «Մասիս» թերթերուն մէջ ան հանդէս կու գայ յատկապէս թատերական գրախօսութիւններով, բազմաթիւ քրոնիկներով ու յօդուածներով, շարք մը գրական ուսումնասիրութիւններով։ այդ ժամանակաշրջանին կ՛ստեղծագործէ իր երեք լաւագոյն պատմուածքները՝ «Եարօ», «Ընկուզին Կողովը» եւ «Հովկուլ»:

Համիտեան կոտորածներու՝ 1895-1896 թուականներու նախօրեակին, Կամսարական կը հաստատուի Եգիպտոս, կը շարունակէ աշխատակցիլ թէ՛ պոլսահայ եւ թէ՛ եգիպտահայ մամուլին: Եգիպտոսի մէջ ապրելու պատճառով, Կամսարական կը փրկուի 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն: Ան, Եգիպտոսի մէջ, իր եղբօր հետ կը հիմնէ կամսարական ծխախոտի գործարանը։

1910-ին Տիգրան Կամսարական հանդէս եկաւ «Փրկանքը» խորագրեալ իրապաշտական թատրերգութեամբ, իրապաշտական հայեացքներով, Միքայէլ Կիւրճեանի հետ աշխատակցաբար: Աւելի ուշ, «Վասակին Իղձը» տրամախօսութեան ձեւով կատարուած հոգեվերլուծումի իր փորձին, տեղ կու տանք թերթիս կողքի սիւնակներուն մէջ։ Իսկ 1920-էն մինչեւ իր մահը՝ 1941, ան արդէն քաշուած էր գրական կեանքէ, սակայն իր գրական-հասարակական գործունէութիւնը ընդհանուր առմամբ համընթաց էր իր ժամանակի ոգիին:

Կամսարականի գրական ժառանգութիւնը ցայսօր չէ արժանացած անաչառ ուսումնասիրութեան: Արեւմտահայ յայտնի բանասէր Թ. Ազատեանի յօդուածաշարքն ու խորհրդահայ բանասէր Գ. Ստեփանեանի «Վարժապետին Աղջիկը»վէպին առիթով գրած յառաջաբանը ցարդ կը մնան գլխաւոր աղբիւրները Կամսարականի գրական հրիտակը լոյսին բերող:

1919-ին կը հաստատուի Փարիզ, ուր կը մնայ մինչեւ իր մահը։

1920-ականներու վերջերը Փարիզ հաստատուելէ ետք, Տիգրան Կամսարական մաս կը կազմէ հոն Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդր. վարչութեան եւ Պօղոս Նուպար Փաշայի գլխաւորած Ազգ. պատուիրակութեան:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին