Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Բողոքի Արարքները Կը Շարունակուին

«Ազատագրական շարժում» նախաձեռնութեան անդամները երէկ կրկին Երեւանի մէջ փողոցներ փակած էին` պահանջելով բացայայտել այն փաստաթուղթը, որ հնարաւոր է ստորագրուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ եւ մերժեցին ամէն հակահայ գործարք, որ կը կատարուի մութին մէջ: Ոստիկանները բերման ենթարկած են շարժումը ղեկավարող 6 անդամներ, այդ շարքին՝ «Զարթօնք» կուսակցութեան ղեկավար, փաստաբան, Ազատագրական շարժման նախաձեռնող խումբի անդամ Արա Զոհրապեանը  եւ «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը:

Հակառակ ճնշումներու Շարժումը երէկ երեկոյեան շարունակաբար 5րդ օրը ըլլալով կազմակերպեց հանրահաւաք Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ապա նաեւ հերթական քայլերթը: 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին