Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Սոչիի Եռակողմ Հանդիպումը Կայացաւ

Նոյեմբեր 26-ին, Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը։

Հանդիպման ընթացքին Փութին ամենամեծ ձեռքբերումներէն մէկը համարեց այն, որ տարածաշրջանին մէջ լայնածաւալ ռազմական  գործողութիւններ տեղի չեն ունենար:

«Այս ընթացքին շատ բան կատարուած է, ցաւօք, դեռ բոլոր հարցերը չեն կարգաւորուած։ Ես տեղեակ եմ սահմանին տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերուն մասին, երբ երկու կողմէն ալ մարդիկ կը զոհուին եւ կը վիրաւորուին։ Այս հարցերը յատուկ ուշադրութիւն կը պահանջենք: Մենք հաւաքուած ենք՝ հետագային նման միջադէպերէն խուսափելու համար», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը:

Վլատիմիր Փութին ամենակարեւորը համարեց այն, որ պայմաններ կը ստեղծուին հետագայ բնականոն, խաղաղ կեանքի համար եւ հիմքեր կան ենթադրելու, որ մօտ ապագային իրենք պիտի կարենան ոչ միայն հաստատել ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ համապատասխան խումբի աշխատանքը, այլեւ կայացնել անհրաժեշտ որոշումները։ «Կը կարծեմ՝ սա է մեր բոլոր ջանքերուն նպատակը՝ պայմաններ ստեղծել տարածաշրջանի վերածնունդի համար, որպէսզի մարդիկ իրենց ապահով զգան, իսկ տնտեսութիւնը՝ զարգանայ», շեշտեց Ռուսիոյ նախագահը:

Իր կարգին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանը պատրաստ է անցնելու Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին: «Ես բազմիցս յայտարարել եմ, որ Հայաստանը պատրաստ է անցնելու սահմանազատման և սահմանագծման գործընթացին: Հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման թեման եւս շատ կարեւոր է հայկական կողմին համար: Հայկական կողմը անկեղծ հետաքրքրուած է այս հարցերու լուծմամբ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններով:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նշած է. «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծում չկայ, ուստի մենք բազմիցս հրապարակաւ յայտարարած ենք, որ պատրաստ ենք հրատապ սահմանազատման գործընթաց սկսելու։ 

Մենք նաեւ հրապարակաւ առաջարկած ենք հայկական կողմին սկսիլ աշխատանքը խաղաղութեան պայմանագրին վրայ՝ առճակատման վերջ դնելու համար, որպէսզի ճանչնանք միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, որպէսզի ապագային ապրինք որպէս հարեւաններ եւ սորվինք նորովի ապրիլ որպէս հարեւաններ»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին