Հինգշաբթի, 18. 04. 2024

spot_img

Ռուսիա Սէուտական Արաբիայէն Կ՛ակնկալէ Չլքել Լիբանանը

Լիբանանի Արտագին Գործոց նախարար Ապտալլա Պուհապիպի Մոսկուայ այցելութեան ընթացքին խնդրեց Ռուս պատասխանատուներ միջամտել Լիբանանի համար Արաբական Ծոցի երկիրներուն մօտ, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ:

Ռուսական կողմը անմիջապէս արձագանգեց արագ կապեր հաստատելով արաբական աշխարհի իր գործընկերներուն հետ համոզելու անոնց չլքել Լիբանանը, յատկապէս Նաժիպ Միքաթիի կառավարութեան արձանագրած ձախողութիւններէն ետք, որ ամէն օր աւելի եւս կը կքի յատկապէս լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումով, որ կը սպառնայ բոլոր հաստատութիւններուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին