Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Լիբանանի Անկախութեան 78-րդ Տարեդարձին Երկրի ու Պետութեան Որոնումները Կը Շարունակուին

Տեսանկիւն

1920-ին  Լիբանանի  պետութիւնը իր ներկայիս տեսքով անկախ հանրապետութիւն հռչակուելէն  իվեր ան ենթարկուած է  շարք գրաւումներու եւ գաղութարարութեան մինչև 22 Նոյեմբեր 1943-ը, երբ բոլոր  օտար ուժերը լիբանանեան հողերէն դուրս բերելու մասին յայտարարութիւն կատարուեցաւ:

Լիբանանի համար դժբախտաբար, անկախութեան փուլը հիմնական որոշիչ փուլ մը չհանդիսացաւ, եւ երկիրը շարունակեց անկայուն մնալ տասնամեակներ շարունակ: Լիբանանեան պետութիւնը իր ներկայիս տեսքով անցած  է մեծ թիւով լուրջ ճգնաժամերու, քաղաքացիական պատերազմներու և նոր գրաւումներու մէջէն, որոնք աւերեցին և մասնատեցին մեր փոքր պետութիւնը, զայն դարձնելով թոյլ պետութիւն մը, աւելին՝ լուրջ թեկնածու 2022-ին յայտարարուելու ձախողած պետութիւն:

Իր ձեւական անկախութենէն  ի վեր մինչև այսօր լուրջ  ճգնաժամեր աւերած են Լիբանանի  էութիւնը, մինչ երկիր ու պետականութիւն ունենալու պրպտումները կը շարունակուին:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին