Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Պերճ Պռօշեան

Ծնած է Աշտարակ: Համեստ, գրեթէ չքաւոր ընտանիքի զաւակ։ 1851-ին, աւարտելէն ետք գիւղական վարժատան ընթացքը, Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսը միջնորդութեամբ որդեգիր ուսանող (անվճար) կ’արձանագրուի Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին։ 1855-ին՝ յաջողութեամբ կը լրացնէ ուսման ընթացքը եւ կը նուիրուի ուսուցչութեան, Աշտարակի մէջ։ Պաշտօնի բերումով՝ շրջած է գիւղէ գիւղ, դիտած է մեր ժողովուրդի կեանքը՝ իր արտին մէջ, իր տան, իր աւանդութիւններուն եւ սովորութեանց։ 1858-ին կը հրաւիրուի Թիֆլիզ, ուսուցչական պաշտօնով, 1859-ին՝ իր առաջին բանաստեղծական փորձը կ՛երեւի «Մեղու Հայաստանի»ի մէջ։ 1860-ին մաս կը կազմէ «Կռունք» խմբագրութեան։ Քառասունհինգ տարիներու իր ուսուցչական գործունէութեան ընթացքին, պաշտօնավարած է նաեւ Շուշիի եւ Ագուլիսի մէջ։ Այս վերջին քաղաքին մէջ՝ հիմնած է աղջկանց վարժարան մը, 1876-ին։ 1876-ին Ասրախարն է, ուր եւս ծխական վարժարան մը կը հիմնէ։ Երեք տարի ետք, կը նշանակուի Երեւանեան թեմի եւ Կարսի շրջանի կրթական քննիչ։ 1885-ին, երբ հայկական վարժարանները կը փակուին, անձկութեանց կը մատնուի։ Պաշտօնի կը հրաւիրուի Ներսիսեան վարժարանի մէջ։ 1898-ին հանգստեան կը կոչուի։ 1907-ին կը վերադառնայ Աշտարակ, ուրկէ կ’անցնի Պաքու։ Կը մեռնի նոյն տարին, Պաքուի մէջ։

Պռօշեանի գործերը վիպական բնոյթ ունին առաւելապէս։ «Սօս եւ Վարդիթեր»էն ետք, 1877-ին, Աբգար Յովհաննէսեանի «Փորձ» ամսագրին մէջ հրատարակութեան կու տայ «Կռուածաղիկը»ը, 1879-ին՝ «Հացին Խնդիր» եւ 1883-ին՝ «Շահէն»: Գրած է «ցեցեր»ը, «Բղղէ» (1890), «Սկիզբն Երկանց» (1892) եւ վերջին գործը՝ «Յունոն» (1900):

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին