Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Եռակողմ Հանդիպում Պաապտայի Պալատին Մէջ… Կառավարութեան Ճգնաժամի Լուծման Նախանշա՞ն

Կառավարութեան ճգնաժամի հանգուցալուծման ուղղութեամբ ուշագրաւ զարգացումով մը երկրին երեք գլխաւոր ղեկավարները՝ նախագահ Միշէլ Աուն, Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի եւ Վարչապետ Նաժիպ Միքաթին,  Լիբանանի Անկախութեան տարեդարձին նուիրուած, Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած  զինուորական  խորհրդանշական շքերթէն ետք, հանրապետութեան նախագահական ինքնաշարժով մեկնեցան դէպի Պաապտայի պալատ։ Այնտեղ եռակողմանի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ: Մինչ այդ նախագահութիւնը յայտարարած էր այս առիթով պաշտօնական ընդունելութիւնը չեղարկելու մասին, «հաշուի առնելով երկրին առկայ իրավիճակը և առողջապահական վիճակը, աւանդական ընդունելութիւնը տեղի պիտի չունենայ պալատին մէջ  շնորհաւորանքներ ընդունելու համար Անկախութեան օրին առիթով»:

Պալատէն հեռանալու պահուն Պըրիի պատասխանելով «Իրավիճակը կը կարգաւորո՞ւի» հարցին  ըսաւ. «Ինշալլահ»։

Միքաթի իր հերթին ընդգծեց, որ «անկախութիւնը չէր ըլլար, եթէ լիբանանցիները կողք կողքի չհաւաքուէին Ռաշայայի մէջ։ Մենք չենք կրնար անկախութիւնը պահպանել, եթէ միասնական չըլլանք»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին