Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին Մէջ

«Պիտի Շարունակենք Փառաբանել Լիբանանը ու Միասնական Ջանքերով Ոտքի Պիտի Պահենք Զայն».

ՎԹՎ Տնօրէնուհի Սեւանա Տարագճեան

Վահան Թէքէեան Վարժարանի Աշակերտութիւնը Նշեց Լիբանանի Անկախութեան Տարեդարձը Հաւաքաբար Հաստատելով Թէ Լիբանանը Կը Մնայ Մայրիի Նման Կանգուն ու Իւրայատուկ Երկիր Մը

Մատղաշ սերունդին մէջ անկախութեան գաղափարի խորհուրդն  ու անոր հետ առնչուող պատմական իրողութիւններու մատուցումը կարեւոր է, անոնց միտքին ու էութեան մէջ յստակեցնելու եւ ամրապնդելու համար պատկանելիութեան ոգին:

Ուրեմն, անկախութիւնը ամենօրեայ յամառ պայքար է: Ան պայքար մըն է միտքի ազատութեան՝ ժողովուրդի, հոգիներու, ինքնուրոյն որոշումին ու խղճի ազատատենչութեան:

Վերջին տարիներուն, մեր գողտրիկ երկիր Լիբանանը, կը շարունակէ տոկալ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց՝ առողջապահական, տնտեսական եւ ընկերային բնագաւառներուն մէջ:

Վերոնշեալ խորհրդածութենէն ելլելով՝  Լիբանանի 78-րդ անկախութեան տօնի նշումը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանէն ներս սկսաւ Նոյեմբեր ամսու երկրորդ տասնօրեակէն ուսուցիչներու եւ աշակերտներու համատեղ ջանքերով, զանազան աշխատանքներով եւ գեղարուեստական յայտագրի մը պատրաստութեամբ, որուն կեդրոնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 19 Նոյեմբեր 2021-ին: Հանդիսութիւնը կատարուեցաւ ներդպրոցական իւրայատուկ տօնախմբութեամբ:  

Լիբանանի դրօշի ծածանումը տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան քայլերգի երգեցողութեան ներքոյ, որմէ ետք աշակերտութիւնը խրոխտաբար տողանցեցին վարժարանիս բակին մէջ հայրենասիրական խանդավառ երգերու տակ, որմէ ետք բարձրացան Պարսամեան սրահ շարունակելու համար պատրաստուած տօնական յայտագիրը:

  Հանդիսութեան բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ նախ. Զ դասարանի աշակերտուհի Վանէսսա Ապի Նատէր, ուր ան հակիրճ կերպով անդրադարձ կատարեց տօնական խորհուրդին մասին. յարգանքով, հպարտութեամբ եւ երկիւղածութեամբ նշելով անձնազոհ նուիրեալները, որոնք անխոնջ աշխատեցան հայրենիք կերտման մէջ, որպէսզի ազգ եւ ժողովուրդ իր հողին վրայ միասնաբար ապրի ու բարգաւաճի:   

Նախակրթարան Ա. Բ. Գ. դասարանի աշակերտները խրոխտ եւ հպարտ երգեցին լիբանանեան հայրենասիրական երգեր ղեկավարութեամբ վարժարանիս երգի ուսուցիչ Պրն. Ղազար Քէօշկէրեանի: Իսկ նախ. Ե. դասարանի աշակերտներ՝ Մէրի Ղազարեան եւ Սեւակ Խապայեան ասմունքեցին անկախութիւնը գովաբանող բանաստեղծութիւններ, որուն յաջորդեց նախ. Ե. եւ Զ. դասարաններու համատեղ երգեցողութիւնը նուիրուած Լիբանանի քաջարի բանակի զինուորներուն, որմէ ետք մթնոլորտը ճոխացաւ վարժարանիս  պարախումբի ներկայացուցած լիբանանեան ազգագրական պարով:

Միջնակարգ Բ. Եւ Գ. դասարանի աշակերտները սահիկներու միջոցով խօսեցան Լիբանանցի հռչակաւոր անհատներու, ինչպէս նաեւ անդրադարձան լիբանանեան քաղաքներէն՝ Զահլէի առանձնայատկութիւններու մասին:

Յայտագրի աւարտին, վարժարանիս տնօրէնուհին փոխանցեց իր սրտի խօսքը, ուր ան ըսաւ. «Այսօր, հակառակ որ երկիրս կը գտնուի դժուարին կացութեան ու քաղաքական տագնապի մէջ, սակայն առանց յուսալքութեամբ պիտի շարունակենք փառաբանել մայրիներու այս չքնաղ երկիրը ու միասնական ջանքերով պիտի ջանանք ոտքի պահել զայն, որուն բարի ու քաջարի ժողովուրդը անցեալին, սիրով ու գրկաբաց ընդունեց մեզ եւ ան դարձաւ մեր երկրորդ հայրենիքը։ Վստահաբար Լիբանանը շրջանցելով այս բոլորը պիտի վերականգնի անպայման, տոկալով իրեն դէմ ցցուող բոլոր արգելքներուն դիմաց:» Ապա ան յորդորեց աշակերտները ըսելով թէ, որպէս Լիբանանի քաղաքացիներ պէտք է գուրգուրալ Լիբանանին եւ գործօն դեր ունենալ անոր բարգաւաճման, վերելքին եւ անկախութեան պահպանման մէջ, յարատեւ աշխատանքով, քաջութեամբ ու գօտեպնդուած կամքով դիմագրաւելու համար բազում մարտահրաւէրները:

Հուսկ, սրահին մէջ հաւաքուած բոլոր աշակերտները իրենց դաստիարակներով ուրախ ու խանդավառ երաժշտութեան ներքոյ ծածանեցին լիբանանեան դրօշները եւ երգեցին ազգագրական երգեր:

Իսկ Մանկապարտէզի մեր սիրասուն փոքրերը իրենց մանկավարժներուն հետ միասին ստեղծեցին խանդավառ ու ճոխ մթնոլորտ մը: Անոնք յաղթական քայլարշաւներով տողանցեցին բակին մէջ, որմէ ետք վերադարձան իրենց դասարանները, պատրաստեցին ձեռային աշխատանքներ ու լիբանանեան համեղ ուտեստներ, ապա խմբային լուսանկարներով աւարտեցին իրենց տօնական միջոցառումը:

Վստահ ենք, որ Լիբանան պիտի յաղթահարէ ներկայ բազում դժուարութիւնները ու աւելի երիտասարդացած ճախրէ՛ իր Փիւնիկեան թեւերով դէպի նոր նուաճումներ:

           Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին