Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլի Խմբագիրներուն Հանդիպումները Կը Շարունակուին

Չորեքշաբթի 17 Նոյեմբեր ին տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլի՝ խմբագրական պատասխանատուներուն և խմբագիրներուն հերթական առցանց հանդիպումը: Zoom-ի միջոցաւ կազմակերպուած այս հանդիպման այս անգամ կը մասնակցէին “Ազգ”ի, “Ապագայ” ի, “Զարթօնք”- ի,”Պայքար”-ի, ”Սարտարապատ”-ի և “The Armenian Mirror Spectator”- ի պատասխանատուները:

Ժողովի ուշադրութեան առարկայ եղան ազգային կեանքի ընթացիկ նիւթերը կիզակէտ ունենալով այս օրերուն Սիւնիքի մէջ տեղի ունեցող զինուորական և քաղաքական լուրջ զարգացումները: Համազգային գօտեպնդում պահանջող այս չափազանց վտանգաւոր և օրհասական կացութեան առջև, ժողովը քննարկեց մամուլը տեղեկատուական ազդու զօրաշարժի ենթարկելու տարբեր միջոցներ և առաւ որոշումներ:

Նաև յատուկ նկատառումով վեր առնուեցաւ Երուսաղէմի կալուածի վարձակալութեան լուրջ հարցը: Սոյն տագնապին հետ առնչուող վկայութիւններուն և վաւերական տուեալներուն լոյսին տակ հանրութիւնը պիտի լուսաբանուի և լուծման պատասխանատու տարբերակներ պիտի առաջարկուին:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին