Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Քարլոս Մելքոնեան

Քարլոս Մելքոնեան (Նոյեմբեր 6 1956, Վալենտին Ալսինայ, Արժանթին), տնտեսագէտ եւ քաղաքական գործիչ։ 2015 թուականին Դեկտեմբեր 23-ին Մաուրիսիօ Մաքրիի կողմէն նշանակուած է Արժանթինի Ազգային բանկի նախագահ։

Պուէնոս Այրեսի համալսարանին մէջ ստացած է տնտեսագէտի որակում, իսկ Տորկուատոյ դի Տելեայ համալսարանին մէջ տնտեսագէտի տիտղոսի կոչումը ։

1986 թուականին կը զբաղէր Արժանթինի Կենդրոնական բանկի արտաքին պարտքերու բաժինի պետ պաշտօնով։ Այդ պաշտօնին մէջ ստորագրած է եւ հոգաբարձուներու խորհուրդին ուղարկած է 480/161 զեկոյցը, որուն մէջ խնդրած էր անվաւեր համարել 1980-ական թուականի սկիզբներուն որոշ անհատներուն կողմէն վերցուած արտաքին պարտքի հետաքննութիւնը։

1980-ական թուականներուն աշխատած է նաեւ Համաշխարհային բանկին մէջ որպէս մասնաւոր խորհրդատու։ Արժանթինի նախկին նախագահ Քարլոս Մենեմի տնտեսական խումբի անդամն էր, երբ վերջինս 2003 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն կրկին դրաւ իր թեկնածութիւնը։ Ներկայիս «Հանրապետական առաջարկ» կուսակցութեան անդամ է, որ կը ղեկավար է նախագահ Մաուրիսիո Մակրին։

Ղեկավարած է Արժանթինի Կենտրոնական բանկի արտաքին գործերու ենթաբաժինը եւ տնտեսական հետաքննութիւններու բաժինը, մասնակցած է Արժանթինական արտաքին պարտքին առնչուող բանակցութիւններուն։ Որմէ ետք հիմնած է սեփական խորհրդատուական ընկերութիւնը։

2002 թուականին Էդուարդոյ Դուալդեի նախագահութեան ժամանակ առաջարկ կը ստանայ զբաղեցնել երկրի տնտեսութեան նախարարի պաշտօնը, սակայն կը հրաժարի։ Յաջորդ տարին Մենեմի յաղթանակէն ետք կ ՛ընդունի առաջարկը։

2007 թուականին եղած է ծերակուտական «senator» թեկնածու Մաուրիսիոյ Մակրիի «Հանրապետական առաջարկ» կուսակցութեան մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին