Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Մշակութային Արձագանգ

«44 Օր». Արցախեան Պատերազմի Տարելիցին Նուիրուած Գիրքը Ընթերցողին Ներկայացուեցաւ

Բանաստեղծ, «Ցոլքեր» ՀԳՄ պատանեկան-երիտասարդական հանդէսի խմբագիր Հռիփսիմէն հանրութեան լայն շրջանակին ներկայացուց «44 օր» փաստագրական վէպը, որ նուիրուած է Արցախեան պատերազմի տարելիցին: Ըստ Armenpress.am-ի՝ գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 1-ին, Հայաստանի գրողներու միութեան տան մէջ:

Հռիփսիմէի խօսքով՝ զոհուած տղաներու ծնողները իրենց զաւակներուն կենսագրութիւնները իրենք ուղարկած են իրեն: «Ի հարկէ, խմբագրելու, շտկելու կարիք եղած է: Պէտք է խոստովանիմ, որ ինծի համար այս գիրքը գրելը բաւական ծանր էր: Կը կարծեմ, որ ինձմէ ետք շատերը պիտի գրեն, որովհետեւ, աւաղ, մեր զոհերը շատ են, եւ Աստուած չընէ, որ նման գիրքեր գրելու առիթ կրկին ըլլայ»,- նշեց ան:

Գրողներու միութեան նախագահ Էդվարդ Միլիտոնեան, իր հերթին ըսաւ, որ 44-օրեայ պատերազմի մասին ե՛ւ ընթացքին, ե՛ւ յետոյ լրագրողները, գրողները գրած են յօդուածներ, ակնարկներ նաեւ գեղարուեստական գործեր, որոնք այժմ կը հրատարակուին առանձին գիրքերով:

«Հռիփսիմէի գիրքը շատ լաւ ժողովածու է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին 70-է աւելի զոհուածներու մասին: Անոնց կենսագրութիւնն է. ներառուած են զոհուածներու մասին գեղարուեստական խօսքեր, տղաներու արտայայտութիւնները, անոնց ընտանիքներու պատմութիւններն ու յիշողութիւնները: Զոհուած հերոսներու շարքին են նաեւ երիտասարդ գրողներ»,- նշեց Միլիտոնեան եւ աւելցուց, որ «44 օր» գիրքը ընթերցելով պարզ է, որ անիկա գիտակցուած պայքարի մէջ մտած մարդոց մասին է:

Շնորհանդէսին ներկայ էին զոհուածներու ծնողները, հարազատները, գրողներ, պաշտօնեաներ եւ այլք:

«44 օր» գիրքը հրատարակուած է «Կարօ Յովակիմեան» բարեգործական հիմնադրամին աջակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին