Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Ֆրունճեան Եղբայրներ Եւ Սրճաղացներու Ճարտարարուեստը Լիբանանի Մէջ (1940ականներ)

Անդրանիկ Տագէսեան

 Թուականէս 10 ամիսներ առաջ, Հայկազեան Համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն եւ Հայագիտական Հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի միջոցաւ դիմած էր հանրութեան, Պէյրութի մէջ ատենին շինուած նարինջի կամ ջրալի այլ պտուղներու հիւթերը քամելու հին գործիքի մը վրայ ամրացուած մակնիշին՝
 Kevork & K. Froundjian Modele Depose Tel. 30929 հետ առնչուած տեղեկութիւն հաւաքելու ընթերցողներէ: Իր կոչով ան կը դիմէր անոնց, որոնք նշեալ ընկերութեան, կամ տիրոջ հարազատներուն մասին տուեալներ ունին գրելու իրեն: Ուրախութեամբ իմացանք, որ իր կոչին անմիջապէս ընդառաջողներ եղած են, որուն որպէս արդիւնք՝ Դոկտ Տագէսեան,  Հայկազեան Համալսարանի վերջերս լոյս տեսած Հայագիտական Հանդէսին 41րդ հատորին մէջ հրատարակած է հետեւեալ յօդուածը, որ ըստ իրեն մասնիկ մը պիտի ըլլայ առնչուած ուսումնասիրութեան մը նիւթով գիրքի:
 Նիւթին  շահեկանութեան համար զայն կ՛արտատպենք մեր թերթին երկու յաջորդական թիւերով:
  
                                                                     «Խմբ.» 

Մուտք

Լիբանահայ յետեղեռնեան արուեստագործութիւնը հարիւր տարեկան է: Հաւանաբար անոր առաջին քայլերը գորգի ու հիւսուածեղէնի ասպարէզները եղած են, սկիզբ առած որբանոցներուն մէջ թէ լիբանանցի արաբ գործատէրերու մօտ հայ արհեստաւորներու պաշտօնակոչումով: Սակայն, ենթադրաբար 1930ականներէն ու մանաւանդ 1940ականներէն՝ ծաւալած ու զարգացած են այլ արհեստներ եւս, ինչպէս պղնձագործութիւնը, կաւագործութիւնը, կաշեգործութիւնը[1]: Ըստ պատմողներու, Պէյրութի ու Պուրճ Համուտի (ԱնդրՆահար անունով ծանօթ՝ այդ օրերուն) մէջ եղած են հայ արհեստաւորական թաղեր կամ կիսաթաղեր: Այսպէս, օրինակ, Պէյրութի Մար Մխայէլ շրջանի գլխաւոր փողոցը, որ Պուրճ Համուտն ու Հաճընը կը կապէ Պէյրութի կեդրոնական շուկաներուն, եւ որ 1975ին վերանուանուեցաւ Արմենիա, ուշագրաւ եղած է իր գորգագործական, հիւսուածեղէնի ու մանուսագործութեան արհեստանոցներով եւ խանութներով: Անդին, Պուրճ Համուտի մէջ, Մարաշ ուղղուող փողոցներէն մին եղած է պղնձագործներու «շուկան» մինչ կօշկագործութիւնը տարածուած եղած է ամբողջ Պուրճ Համուտի մէջ: Կը թուի, սակայն, որ այս արհեստները այնքան ալ տիրական, մանաւանդ երկարակեաց չեն եղած՝ Հալէպի հայկական արհեստագործութեան բաղդատմամբ[2]: Այդուհանդերձ, ասոնք եւս արժանի են ուսումնասիրութեան[3]: Սակայն առկայ նիւթերը այնքան քիչ են որ հազիւ պարագայական կարելիութիւն կ’ընձեռեն դրուագային եւ կղզիացուած, մասնակի պատումներ յառաջացնելու այս կամ այն արհեստին կամ արհեստագործ վարպետին կամ արհեստանոցին մասին[4]:

Ստորեւ պիտի ջանանք ներկայացնել պէյրութահայ պղնձագործութեան իւրայատուկ դրսեւորումներէն հանդիսացող սրճաղացներու արտադրանքը, աւելի ճիշտ՝ այդ արհեստին ներկայացուցիչներէն Ֆրունճեան եղբայրներու, մանաւանդ՝ Գէորգ Ֆրունճեանի ու իր արտադրութեան պատումը:

Սուրճ եւ սրճաղացներ

Սուրճը հայ իրականութեան մէջ գէթ վերջին երկհարիւրամեակի յատկանշական ներկայութիւն է: Անոր կիրառութիւնը սակայն հայոց մէջ աւելի հին է. հայր Միքայէլ Չամչեան Պասրայէն գրած 8 Փետրուար 1771 թուակիր նամակին մէջ կը խօսի սուրճին մասին, սակայն զայն կը նկատէ դեղ. «Ցաւ գլխոյ երբեմն նեղէ զիս, որպէս եւ յայսմ. ժամու եւ սակայն զարմանալի իմն դեղ գտի, զոր ոչ կամէի ի կիր առնուլ, այսինքն ի խահվէն, զի ընդ ըմպելս իմ ցաւն դադարի»[5]: Այս տողերը կը հաւաստեն, որ դեռեւս ԺԸ. դարավերջին հայկական միջավայրի մէջ ան կը կոչուէր «խահվէ» եւ դեռ չէր տարածուած իբրեւ ընդհանրական ըմպելի, ոչ ալ յառաջացած էր ԺԹ. դարու միակ նորաստեղծ հայկական արմատ բառը՝ սուրճը[6]: Իդէպ, ըստ Հրաչեայ Աճառեան կը վկայէ թէ 1890ականներուն Պոլսոյ երզնկացի հայ պանդուխտները կը զբաղէին սուրճի վաճառքով[7]:

Սուրճին՝ Քեսապի մէջ տարածուածութեան մասին, բանասէր Յակոբ Չոլաքեան հետեւեալը կը գրէ մեզի ուղղած իր 4 Յուլիս 2021 թուակիր նամակին մէջ. «..սուրճը Քեսապի մէջ հինէն տարածում ունի, թերեւս 19րդ դարու կէսերէն: Հում սուրճը քուրցերով կը ներածուէր Քեսապի շուկան: Քեսապցի թիթեղագործները կը շինէին սուրճը խարկելու յատուկ սարք: Սրճաղացները երկու տեսակ կ’ըլլային՝ մետաղեայ երկարաւուն գլանաձեւ սարք ..[ասոնք] իրենց վրայ արաբատառ (Հալէպ եւ Պէյրութ շինուած) եւ լատինատառ (Պոլիս շինուած) արձանագրութիւն ունէին. բոլորն ալ հայ անուններ էին: Քեսապի շրջակայ ալաուիթ եւ թուրքմէն գիւղերը թէյի մշակոյթ ունէին. սուրճը աւելի ուշ ընդհան-րացած է անոնց մէջ»[8]:

Վաւերական փաստեր կը հաստատեն սրճաղացներու գոյութիւնը Պոլսոյ մէջ: Մամուլի վկայութիւններ կը հաստատեն նաեւ ոմն Արթին Մովսէսեանի արհեստագիտութիւնը սրճաղացներու արտադրութեան մէջ[9]:

Սրճաղացներ ու կնիքներ

Մեր հանդիպած ձեռքի սրճաղացներուն մեծամասնութիւնը կնքուած է զանազան ու տարբեր ձեւի կնիքներով[10]: Այստեղ կու տանք թէ՛ վստահաբար եւ թէ՛ հաւանաբար ֆրունճեաններուն վերաբերող կնիքներուն մեր ունեցած ցանկը[11], ուրիշ առիթի թողլով աւելի ամբողջական ցանկն ու մանրամասն նկարագրութիւնը կնիքներուն: Ըսենք միայն թէ կնիքներուն վրայ կը հանդիպինք բազմաթիւ հայ արհեստաւորներու լատինատառ, արաբատառ, հայատառ եւ յունատառ անուններու, ինչպէս՝ Ամբակում, Արթին, Խաչիկ, Հաճի Արթին, Հաճի Մանուկ, Հաճի Օհան, Մէլգօն, Յակոբ, ՉԳԳ[12], Պարոյր, Ն. Պեզեան, Պետրոս, Սիմոն: Հանդիպեցանք նաեւ թրքերէն միակ անունի մը՝ Քատրի: Չհանդիպեցանք, սակայն, որեւէ արաբանուն կնիքի:

Ֆրունճեաններուն մասին մեր պրպտումները իվերջոյ մեզ հաղորդակցութեան մէջ դրին Գէորգ Ֆրունճեանի որդի, քալիֆորնիաբնակ Ժիրայր Ֆրունճեանին հետ[13], որ պատրաստակամ գտնուեցաւ մեզի հաղորդել ինչ որ գիտէր ու նաեւ դիմել այլ գիտակներու, որով եւ յառաջացաւ այս նիւթին մէկ կարեւոր մասը[14], որուն եկան աւելնալու հաւաքորդ Սասուն Սիմոնեանի սրճաղացներու հարուստ հաւաքածոյին տուեալները: Արդ, հաւաքուած նիւթը կարելիութիւն կու տար շարադրանք յառաջացնելու եւ գէթ մասամբ վերակառուցելու սրճաղացներու ֆրունճեանական արահետին պատումը:

Յաւակնութիւնը չունինք նիւթը սպառած համարելու, բայց կը կարեւորենք անոր հրատարակումը, որպէսզի արհեստագործական ասպարէզին ցարդ ապրող փոքրաթիւ ականատես վկաները կամ անոնց ժառանգորդները, որոնք կրնան որեւէ տուեալ ունենալ այս առնչութեամբ տեղեկացնեն ուր որ պէտք է, որով եւ առաւել լուսաբանուի միջինարեւելեան արհեստագործութեան այս երեսակը[15]:

Ի ձեռի ունեցած մեր հաւաքածոյին տուեալները բաւարար չեն յստակ պատկերացում մը յառաջացնելու թէ ե՛րբ, ու՛ր, ո՛վ, ի՛նչ պայմաններու մէջ սկսած է այս ճարտարարուեստը Լիբանանի մէջ, մանաւանդ որ հազուագիւտ են թուականակիր սրճաղացները: Վստահաբար արհեստը ներածուած է (հաւանաբար Պոլիսէն), կամ բերուած գաղթական հայերու կողմէ: Կը թուի սակայն, որ Լիբանանի մէջ սրճաղացներու տարածումը թափ առած է 1940ականներու աւարտէն, եւ նահանջել սկսած 1970ականներու աւարտին, երբ արհեստագիտական միջոցներու զարգացումով եւ նպարավաճառներու մօտ ելեկտրական սրճաղացներու տարածումով՝ տուներու մէջ սուրճ խարկել-աղալու դրութիւնը տակաւ դադրեցաւ: Իսկ 1980ականներէն սկսեալ, սուրճի կենցաղավարման զանգուածայնացումով, շուրջ տասնեակ մը ընկերութիւններ աղացուած սուրճ մատակարարեցին շուկային՝ նպարավաճառներուն դերը փոխելով աղացող-վաճառողէն պատրաստի սուրճ ծախողի[16]: Աւելցնենք, որ Լիբանանի պատերազմի տարիներուն լիբանահայ կարգ մը տուներու մէջ խարկել-աղալը կարճատեւ եւ պարագայական վերադարձ մը ունեցաւ, երբ ելեկտրականութեան տագնապի հետեւանքով սրճաղաց գործարանները բաւարար չէին աշխատեր[17]:

Նկարագրութիւն եւ Չափագրութիւն

Նկարագրութիւն

Սրճաղացը իրարու ագուցուած երկու գլանաձեւ տուփիկներէ կը բաղկանայ: Վերի գլանին մէջ կը լեցուի խարկուած սուրճը: Այս տուփիկին ստորին հատուածին ամրացուած է երկաթեայ «աղօրիք’ը, որ աղալով սուրճը կը թափէ իրեն ագուցուցած վարի դատարկ տուփիկին: Երկաթեայ աղացքը ունի իրմէ դէպի վեր ցցուած առանցք մը, որ դուրս կը ցցուի առաջին տուփիկին մէջ լեցուած խարկուած սուրճին կափարիչին կեդրոնէն[18]: Դուրս ցցուած առանցքին կ’անցուի բռնակ մը, զոր պտուտկելով կ’աղացուի սուրճը: Առանցքին ամրացման համար առաջին գլանին վերի ծայրամասէն միքանի սանթիմեթր վար հաստատուած է կեդրոնական ծակով երկաթեայ կամրջակ մը, որուն մէջէն կ’անցնի առանցքը: Կամրջակին երկու ծայրերը ամրացուած են գլանին պատին: Հետեւաբար, սրճաղացը կը բաղկանայ չորս մասերէ: Պղնձեայ մասերն են. – 1) բռնակը[19], որ պտուտկելով երկաթեայ սարքէն դուրս ցցուած առանցքը կը դարձնէ, 2) կափարիչը, 3) իր ստորին բաժինին մէջ երկաթեայ սարքը պարփակող գլանը, 4) աղացուած սուրճը պարփակող վարի տուփիկ-գլանը: Իսկ մետաղեայ սարքը կը բաղկանայ երեք մասէ.- աղացող գործիքը, առանցքը եւ կամրջակը:

Նախշազարդեր

Գլանները չունին նախշումներ, բացի՝ երկու գլաններուն ագուցման, կամ իրարու միացման բաժիններէն: Ասոնք ունին բուն պատեանին ագուցման ծայրամասը պարուրող յաւելեալ գօտի մը, որուն վրայ – որպէս կանոն – կատարուած են միօրինակ, շղթայաձեւ նախշազարդումներ: Այս նախշումները ձեռային չեն, այլ՝ կաղապարումի արդիւնք:

Մեր դիտարկած բոլոր սրճաղացներուն կնիքները զարնուած են առաջին տուփիկ-գլանին գրեթէ կեդրոնական հատուածին վրայ: Մեր դիտարկումները կը հաւաստեն որ բոլոր նախշերը եւ կնիքները կատարուած են գլաններուն պատրաստման ընթացքին եւ ոչ թէ գործի աւարտին: Գլաններուն եւ կափարիչին վրայ կան շուրջբոլոր հորիզոնական գիծեր, որոնք հաւանաբար կը ծառայեն գլանի ձեւաւորման աշխատանքներու չափագրման: Սրճաղացին պղնձեայ հատուածներէն միայն բռնակն ու գլխիկը թափծու են, մինչ գլանները պղնձեայ թերթեր են, որոնք կը մկրատուին ըստ անհրաժեշտ չափերու եւ կ’ոլորուին՝ գլանի ձեւ ստանալու համար: Գլխարկին վրայ երեւցող կլոր գիծերը հարթ տարածութեան միապաղաղութիւնը ընդհատելու նպատակ ալ կը հետապնդեն:

Չափագրութիւն

Առանցքը պտուտկող բռնակը շուրջ 13 սմ. է. ան կը ծալուի երկուքի եւ կը զետեղուի առաջին գլանին մէջ: Բռնակը կը կշռէ 77-95 կրամ[20]:

Գլխարկին մետաղը 4-5 մլմ. Հաստութիւն, 3-3.5 սմ. հասակ: Տարբեր գլխարկներ կը կշռեն 50-85 կրամ[21]:

Վերի գլանը ունի 8.5-10 սմ. հասակ: Իսկ ներքեւի գլանին մէջ մտնող բաժինը ունի 1.5 սմ. հասակ, 414-730 կրամ կշիռք: Տուփիկին մետաղին հաստութիւնն է 0.5-1 մլմ.[22]:

Վարի գլանը ունի 8.5-14.4 սմ. հասակ: Վերեւի գլանէն հատուած մը պարփակող մասը ունի 1.5 սմ. հասակ: Ան կը կշռէ 44-169 կրամ: Գլանին մետաղին հաստութիւնն է 0.5-1մլմ.[23]:

Գլանիկները իրարու ագուցող բաժինը պարուրող յաւելեալ գօտիները երկու հատ են, նոյնաչափ, իւրաքանչիւրը՝ 1.2-2 սմ. հասակով: Ասոնք իրենց պարուրած գլանիկին հետ ունին 1-1.6 մլմ. հաստութիւն[24]:

Գլանիկները ունին 4.5-5 սմ. տրամագիծ[25]:

Ամփոփելով, կրնանք ըսել թէ սրճաղացը ունի շուրջ 26.5 սմ. հասակ, 5 սմ. տրամագիծ եւ 980 կրամ կշիռք:

Ֆրունճեանական կնիքներ[26]

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ֆրունճեաններուն պատկանող (կամ վերագրուող) կնիքները.-

Ա) Հաճի Գէորգ

1.- Դէպի աջ բացուած աստղով[27] կիսալուսին, մզկիթ/6[28] 6 بولاد اصلي /HADJI KEVORK/GARANTI[29]

2.- Դէպի աջ բացուած աստղով կիսալուսին, մզկիթ/بولاد اصلي[30]/HADJI KEVORK/4 GARANTI 4

3.- Դէպի երկինք բացուած աստղով կիսալուսին, մզկիթ/بولاد اصلي/4 HADJI KEVORK 4/GARANTI

4.- Դէպի երկինք բացուած աստղով կիսալուսին, մզկիթ/HADJI KEVORK/ 4 بولاد اصلي 4/ GARANTI

5.- HADJI/KEVORK/GARANTI/666

Բ) Հաճի Պարգեւ

1.- Դէպի աջ բացուած աստղով կիսալուսին, աստղ, մզկիթի գծանկար/BarkFour [31]برك فور/GARANTI بولد اصلي/աստղ 5 աստղ

2.- Դէպի աջ բացուած աստղով կիսալուսին, մզկիթ/برك-فور/Bark Four/Trade Mark/GARANTI ابولد اصلي/ աստղ 6 աստղ

3.- Դէպի աջ բացուած աստղով կիսալուսին, մզկիթ/برك-فور/Bark-Four/Trade Mark بولد اصلي/GARANTI/աստղ 6 աստղ

4.- Դէպի երկինք բացուած աստղով կիսալուսին, մզկիթ/HADJI برك-فور/BarkEV BARK-FOUR/GARANTI/աստղ 4 աստղ

5.- Դէպի երկինք բացուած աստղով կիսալուսին/حاج بركيف/HADJI/BARKEV/Trade-Mark/ GARANTI/4 հինգթեւանի մարգարտածաղիկ

6.- աստղ/HADJI/BARKEV/աստղ

7.- Դէպի երկինք բացուած աստղով կիսալուսին, մզկիթ /HADJI/بولاد اصلي/BARKEV GARANTI/աստղ 4 աստղ

8.- Դէպի երկինք բացուած աստղով կիսալուսին, մզկիթ/HADJI بولاد اصلي/աստղ BARKEV աստղ GARANTI/4

9.- Դէպի աջ բացուած աստղով կիսալուսին/حاج بركيف/HADJI/BARKEV/TRADE MARK/GARNAT/կեդրոնական կլորին շուրջ հինգթեւանի մարգարտածաղիկ

10.- Դէպի աջ բացուած աստղով կիսալուսին/3 3/حاج بركيف/HADJI/VAHAN/ بولد صلي/GARANTI

Գ) Ֆուրունճեաններ

1.- 4 դէպի երկինք բացուած աստղով կիսալուսին 4/ FOUROUNDJIAN FRERES/5555 GARANTI

2.- 5 դէպի երկինք բացուած աստղով կիսալուսին 5/JEAN FOUROUNDJIAN/5

3.- 4 դէպի երկինք բացուած կիսաբոլորակի մէջ աստղ 4/OAHAN[31]/FOUR

Տիգրան եւ Սաթենիկ Ֆրունճեան Ընտանիք եւ զաւակՆեր

ա) Ընտանիքի ձեւաւորում Հալէպ, ապա անցում Պէյրութ եւ արտադրութեան սկսնաւորում

Տիգրան եւ Սաթենիկ Ֆրունճեան ընտանիքը գոյառած է Հալէպ, ուր ծնած են ընտանիքին հինգ զաւակները՝ Օննիկ (1921–72)[33], Պարգեւ (ծն. 1923), Գէորգ (1925–2003), Զապէլ (ծն. 1926) եւ Գառնիկ (ծն. 1928): Գէորգ Ֆրունճեան ծնած է Հալէպ, 15 Օգոստոս 1925ին: Ան իր նախակրթութիւնը – ոչ-աւելի քան մինչեւ 5րդ դասարան – ստացած է Հալէպի մէջ, 1930ականներու կէսերուն աշխատանքի լծուած հօր հետ, Օննիկ ու Պարգեւ եղբայրներուն կողքին, մինչ կրտսերագոյն զաւակ Գառնիկը շարունակած է ուսումը[34]: Հաւանաբար այդ ժամանակ ալ ընտանիքը տեղափոխուած եւ հաստատուած է Արեւմտեան Պէյրութ, Զոքաք էլ Պլաթի շրջանը:

Կը թուի թէ Տիգրան Ֆրունճեան իր գործատեղին կը հաստատէ Պուրճի մօտակայքը, Ժըմմէյզի, ուր դանակ կը շինէր ու կը սրէր եւ փերեզակութեամբ կը ծախէր զանոնք Պէյրութի կեդրոնական շուկաները: Դանակ շինելը կ’ենթադրէ ձուլարան, ինչպէս նաեւ լա՛ւ իմացութիւն՝ երկաթի կարծրացմանպող պատացման գործընթացին[35]:

Փերեզակութեան այդ շրջանին Գէորգ կը հանդիպի/կը գործակցի Վահան անուն անձի մը, որ գիտէր սրճաղացներու արհեստը: Երեք զաւակները Վահանէն կը սորվին արհեստը, ու կը ձեռնարկեն արհեստին: Յայտնի չեն Վահանին ծագումը, ծննդավայրը, արհեստը ու՛ր սորված ըլլալը[36]:

Հաւանաբար Վահան կրնայ իմացած ըլլալ արհեստը Պոլիսէն կամ Հալէպէն, գուցէ եւ սորված նոյնինքն Արթին Մովսէսեանէն, ապա անցած Պէյրութ..: Կը թուի, կարճ ժամանակ ետք, ձեռնհաս եւ աշխատասէր Գէորգ Ֆրունճեան կը դառնայ մղիչ ուժը Օննիկ-Պարգեւ-Գէորգ գործընկերութեան, մինչ հօր ջանքերը՝ օգտակար դառնալու գործին, կը մերժուին[37]:

Բ) Ներգաղթ եւ արտադրութեան հեզասահ ընթացքի խանգարում

1946ին, Գէորգ եւ Գառնիկ Ֆրունճեաններ, ուրիշ ընկերոջ մը հետ, կ’որոշեն Խորհրդային Հայաստան ներգաղթել: Անոնք՝ երեքով, առանց մեկնումի արձանագրութեան նաւ կը սողոսկին ու կը մեկնին Հայաստան, տունը երկտող մը ձգելով թէ իրենք կը ներգաղթեն ..: Ըստ երեւոյթին, հիասթափուելով Հայաստան ժամանումէն ետք իրենց առջեւ պարզուած իրականութենէն, կ’որոշեն ձգել երկիրը: Անոնք կը հասնին թրքական սահման, Արաքս գետի վրայով կը մտնեն Թուրքիա, կը ձերբակալուին թրքական սահմանապահներէ, կ’ենթարկուին թրքական կարճատեւ բանտարկութեան, բայց երբ կը պարզուին փախուստի[38] պարագաները իրենց մանրամասնութիւններով, ազատ կ’արձակուին եւ կ’անցնին Հալէպ: Հալէպէն Գէորգ կը հաղորդակցի իր մօր հետ ու կ’անցնի Պէյրութ:

Պէտք է ենթադրել որ այս ոդիսականը՝ ներգաղթէն մինչեւ Պէյրութ վերադարձ, տեւած ըլլայ շուրջ երեք ամիս[39], հետեւաբար պէտք է ակնկալել որ Գէորգ Ֆրունճեան Պէյրութի մէջ լիարժէք գործի վերսկսած ըլլայ 1947ին:

գ) Վերադարձ Պէյրութ, կայունացում եւ բաժանում Վերականգնուած գործընկերութիւնը՝ երեք եղբայրներուն միջեւ, սակայն, երկար չի տեւեր եւ հաւանաբար 1950ականներու սկիզբին, եղբայրներուն միջեւ անհամաձայնութիւններու պատճառով, նախ Օննիկը, յետոյ Պարգեւը կը հեռանան գործընկերութենէն: Մեզի կը թուի, թէ գործընկերութեան արհեստանոցը որ կը գտնուէր Ժըմմէյզիի մէջ, Փասթէօր փողոցին վրայ, նախապէս եղած ըլլար իրենց հօր Տիգրանի արհեստանոցը: Մեր տրամադրութեան տակ գտնուող նարինջի համեստ քամոցը (տե՛ս՝ նկարը) կը կրէ «Պարգ ֆուր» արաբատառ արձանագրութիւնը, ինչ որ հետեւցնել կու տայ թէ հաւանաբար եղբայրներու գործընկերութիւնը հիմնուած չէր միայն սրճաղացներու վրայ, այլեւ՝ նարինջի քամոցներու եւս:

Սրճաղացներու երկու անջատ խումբեր կը կրեն «Ohannes Four» եւ «Bark/Barkev Four» կնիքներ, ինչ որ հետեւցնել կու տայ թէ եղբայրները առանձինն շարունակած են իրենց արհեստը եւ հիմնած իրենց անձնական արտադրամասերը: Սակայն, Ժիրայր Ֆրունճեանի վկայութիւնը, թէ՝ «Օննիկը երբեք իր անձնական գործը չունեցաւ. միշտ աշխատեցաւ ուրիշներուն համար եւ հետ», ենթադրել կու տայ թէ անոր անձնական գործը չէ արդիւնաւորուած եւ եղած կարճատեւ: Հուսկ ան կը հաստատուի Զահլէ, ուր եւ կը մահանայ (ծնթ. 33):

Պարգեւ Ֆրունճեան, սակայն, կը հաստատէ իր անձնական արհեստանոցը (շուրջ 95 քառ. մեթր տարածութեամբ), Գէորգին արտադրամասէն քիչ մը անդին, դարձեալ Ժըմմէյզէի մէջ[40]:

դ) Գէորգ Ֆրունճեան ընտանիք Օննիկին ու Պարգեւին գործընկերութենէ հեռացումէն ետք, 1950ականներու սկիզբը, Գէորգ գործընկերութիւն կ’առաջարկէ իր միւս եղբօր՝ Գառնիկին: Կը թուի թէ այս գործընկերութիւնը թէ՛ մասնակի էր[41] եւ թէ՛ կարճատեւ, առաւելագոյնը՝ մինչեւ 1950ականներու աւարտ: Գէորգ Ֆրունճեան կ’ամուսնանայ 1956ին Ս. Նշան եկեղեցի, Սուզան Հայվաճեանին հետ եւ կ’ունենայ չորս զաւակ՝ Անի (ծն. 1957), Ժիրայր (ծն. 1958), Վահէ (ծն. 1960) եւ Սոնիա (ծն. 1962): Նոյն շրջանին, կ’ամուսնանայ նաեւ Գառնիկ: Կը թուի թէ 1960ականներու սկիզբը Գէորգի գործը առաւել կ’աճի:

Եկամուտը կը հերիքէ որ ան տեղափոխուի Էշրեֆիէ եւ գնէ նորակառոյց շէնքի մը մէկ յարկաբաժինը 1965-66ին, հաստատուի հոն իր ընտանիքով եւ մայրով: Մինչ, Գառնիկ կը ձեռնարկէ Մասիս ճաշարանի հիմնումին, որ 1970ականներուն նշանաւոր դարձած էր Պէյրութի մէջ[42]:

ե) Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ, գործատեղիի փակում եւ աւարտ

1975ին, Գէորգ Ֆրունճեանի վարձակալած արհեստանոցի կալուածը կը ծախուի: Նոր սեփականատէրը կը ծրագրէ բազմայարկ շէնք բարձրացնել այնտեղ: Սակայն չհամաձայնելով Գէորգի պահանջած հատուցումին դատավարութիւն մը ծայր կ’առնէ որ կ’երկարի մինչեւ 2003: Մինչ այդ, սակայն, Լիբանանի պատերազմը կ’անդամալուծէ Գէորգին արհեստանոցը, որ շատ հեռու չէր պատերազմի տաք գօտիէն: Հակառակ անոր որ արհեստանոցը կողոպուտի կամ մեծ վնասներու չ’ենթարկուիր, դէպքերը կը զարգանան այնպէս, որ Գէորգին ընտանիքը 1978ին կը տեղափոխուի Մ. Նահանգներ ու կը հաստատուի Քալիֆորնիա, եւ Գէորգ կը դադրեցնէ իր ճարտարարուեստը 1970ականներու աւարտին, թէեւ սիրտը կամ անոր մեծ մասը կը մնայ Պէյրութ, ուր ան յաճախ առանձինն կու գայ եւ արհեստանոցին մէջ մթերելով Հալէպի օճառ եւն. կը զբաղի փոքր առեւտուրով՝ զանոնք արտածելով Լոս Անճելըս[43]: Այլ խօսքով, ճիշտ է որ արհեստանոցը կը դադրի արտադրելէ, սակայն ան կը շարունակուի օգտագործուիլ իբրեւ պահեստ, մինչեւ Գէորգին մահը՝ 14 Սեպտեմբեր 2003, երբ Այնճարէն վերադարձին արկածի կ’ենթարկուի, վարորդը կը վիրաւորուի, իսկ ինք կը մահանայ:

զ) Գէորգ Ֆրունճեանի արհեստանոցը Գէորգ Ֆրունճեանի արհեստանոցը կը գտնուէր Մար Մխայէլէն դէպի Պէյրութի կեդրոնական շրջանը եւ առեւտրական գօտին՝ Պուրճ, տանող գլխաւոր ճամփուն վրայ, Ժըմմէյզիի կաթողիկէ Սէն Ֆամիյ դպրոցաշէնքին կից, Փասթէօր փողոց, թիւ 87: Խանութը ուղղանկիւն էր, խորունկ (շուրջ 275 քառ. մ.), ունէր երկու մաս՝ գրասենեկային բաժին եւ արհեստանոց: Գրասենեակի բաժնին փողոցին նայող ճակատը ունէր ապակեայ ցուցափեղկ (ուր կը ցուցադրուէին արտադրանքներու նմուշներ), կողքին՝ անցք մը դէպի գրասենեակ, որմէ ներս զետեղուած էր գրասեղանը: Գրասենեակ մուտքի բաժինը տախտակով անջատուած էր ներսէն՝ գործատեղի արհեստանոցէն: Գէորգ 1973ին, կը բանայ երկրորդ՝ ցուցասրահ-խանութ մը, Սայֆիի մէջ, քաղաքի կեդրոնին աւելի մօտ, միւս աշխատավայրէն երկու հարիւր մեթր դէպի Պուրճի հրապարակ:

է) Ատադրութիւնները եւ շուկան

Ֆրունճեանները սկիզբէն եւեթ արտադրած են սրճաղաց ու սանդ:

Գէորգ Ֆրունճեանի սրճաղացները սկիզբը կրած են «Hadji Kevork» կնիքը, լուսին աստղ գծանկարը եւ «ISTANBUL» գրութիւնը: Յետագային, սակայն, իրեն կը թելադրուի չգործածել ասոնք եւ ան կը հրաժարի անոնցմէ[44]:

Ըստ Ժիրայրի, Գէորգ Ֆրունճեան գործարանը արտադրած է երեք տարբեր տեսակի սրճաղաց. «Ներքեւի հատուածը կրնար “115” կամ աւելի լաւորակ “116” ըլլալ: Իսկ լաւագոյն որակը, որուն համար ցմահ կ’երաշխաւորէր, “666” տեսակն էր: Հետեւաբար, տարբեր տեսակները կ’առնչուէին ներքին սարքին, եւ աղացքին մանրութեան»: Աւելի ետք, ասոնց կու գան աւելնալու այլ արտադրութիւններ: Գէորգ 1950ին կը սկսի արտադրել նարինջ քամելու գործիք: Իր հիմնական գործը սրճաղացն ու քամոցը կը դառնան: Ըստ Ժիրայրի՝ «Քամոցը տարբեր տեսակներ ունէր: Տարրական տեսակը կանաչ ներկուած կ’ըլլար, միջակորակը՝ կարմիր, լաւագոյն երկու տեսակները՝ արծաթագոյն եւ ոսկեգոյն կ’ըլլային»[45]: Ասոնցմէ միայն սրճաղացներն ու քամոցները կնքուած կամ մակնիշուած էին, մինչ սանդերը, որոնք տարբեր չափերով էին, չէին կնքուեր[46]:

1960ականներուն, Գէորգ կը սկսի արտադրել փականագործութեան անհրաժեշտ կարգ մը սարքեր եւս, ինչպէս՝ լուացամանէն վար հոսող ջուրին մաղը եւն.: Այս արտադրութիւններուն բոլոր իրերը կը պատրաստուէին իր արհեստանոցին մէջ: Իր արտադրած գործիքներէն սրճաղացին համար կը գործածէր պղինձ եւ երկաթ, նարինջի քամոցին համար ֆոնտ եւ ալիւմինիում, իսկ փականագործական իրերուն համար՝ սթէյնլէս:

Գէորգ ինք կը կատարէր իր արտադրութեան ցրւումը ամբողջ Լիբանանի մէջ: Ան ամէնամսեայ երթեր կ’ընէր դէպի Թրիփոլի, իսկ ամէն վեց շաբաթը անգամ մը՝ Սայտա: Պէյրութի մէջ, քամոցի իր մեծագոյն յաճախորդները Պասթայի շրջանի օշարակի եւ պտղահիւթի վաճառորդներն էին[47]: Իր արտադրութիւնները ցուցադրուած էին նաեւ Մաարատի համապատասխան խանութներու մէջ: Արտադրութիւնները կ’արտածուէին արաբական երկիրներ, Քուէյթ եւ Սէուտական Արաբիա: Միշտ կանխիկ կ’աշխատէր:

Սրճաղացները ամբողջութեամբ կ’արտադրուէին Գէորգի արհեստանոցէն: Ան սրճաղացներուն պղինձէ պատեաններուն համար պատրաստի թերթեր կը գնէր եւ կ’ոլորէր զանոնք՝ սրճաղացին պատեանը պատրաստելու համար: Ըստ Ժիրայրին՝ «ձեւաւորումը մրճահարումով կը կատարուէր»: Սրճաղացին կոթը պղինձ էր, որ նոյնպէս ձուլարանը կը ձուլուէր: Արտադրամասը երկու բաժին ունէր՝ պղնձեայ բաժինի պատրաստութեան եւ երկաթեայ սարքի ձուլման համար:

ը) Գէորգ Ֆրունճեան անհատը

Գէորգ Ֆրունճեանի մասին յուշերը կը հաւաստեն, որ ան «լաւ հայ առաքելական մըն էր, մասնաւոր ուսում չունէր, գրել կարդալ գիտէր ոչ սահուն, հայախօս էր, բայց թրքերէն եւ արաբերէն գիտէր, շատ լաւ արհեստաւոր էր, ձուլագործ էր նաեւ, աշխատասէր, ճարպիկ, գործի ետեւէն էր եւ լաւ վաճառական[48], օգնող մարդ էր, Կիրակի չէր բանար արհեստանոցը, շատ եկեղեցի չէր երթար: Ժուժկալ էր, ուտելը կը սիրէր, բայց խմիչքը՝ ոչ: Շատ հայրենասէր, կենսասէր, ընկերային անձ էր, ուղղախօս էր, ինքնավստահ, միութենական յատուկ հակումներ չունէր: Ոչ-հայերու հետ իր յարաբերութիւնները թոյլ էին: Կարճուկ էր, քիչ մը գէր, խնդումերես: Պտտիլը շատ կը սիրէր, ամառները կնոջ հետ մինչեւ եւրոպաները կը ճամփորդէր: Խուփ մարդ չէր, ընդհակառակը կը պատմէր: Յաճախ հպարտութեամբ կը պատմէր իր փախուստը Հայաստանէն: Իր տունը կոկիկ էր, բարեկեցիկ, կինը կ’ըսէր որ շատ առատաձեռն անձ մըն էր տան համար: Տեսողութեան խնդիր ունէր, հետեւաբար 1970ականներուն արդէն ինքնաշարժ չէր վարեր»: Իր նախկին դրացիներէն մին կը յիշէ. «Շրջան մը երբ գողութիւնները շատցան, տանս մուտքի դռան կղպանքին փլաք մը դրաւ որ չկարենան բանալ.. պահարանին տախտակէ ոտքերը կը փտէին՝ մետաղեայ գաւաթակերպ մաշիկներ շինեց որպէսզի շուտ չմաշին… Լիբանանի պատերազմին հոս գտնուած շրջանին պատսպարանին մէջ օգտակար եղաւ»: Ժիրայր կը վկայէ. «Հայրս լաւ կազմակերպուած մարդ մըն էր, յաջողեր էր իր ձեռնարկած բոլոր գործերուն մէջ, ժրաջան ու տքնաջան աշխատող էր եւ ազնիւ: Չքաջալերեց որ ուսումս շարունակեմ. ըստ իրեն՝ մարդուն համար պարզ գրել-կարդալ մը գիտնալը բաւարար էր շուկային մէջ գործելու: Փոքր տարիքէս օրերը կը հաշուէր թէ երբ պիտի աւարտէի երկրորդականս ու միանայի իր գործին: Իրմէ սորված եմ աշխատասիրութիւն եւ պատասխանատուութիւն: Փոքր տարիքէս ինծի ըսած էր որ իրմէ բա՛ն չակնկալեմ, »ինչ որ կ’ուզես ընել, դուն պէտք է շահիս եւ անձամբ ընես»»:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Այս ուսումնասիրութենէն պարզ կը դառնայ թէ.-

  1. Սուրճը հայոց մէջ մուտք գործած է առնուազն 1770ականներէն:
  2. Սրճաղացներու արտադրութիւնը հայոց մէջ գոյառած է առնուազն ԺԹ. դարավերջէն:
  3. Արհեստը Պէյրութ բերուած է հայ գաղթականներուն միջոցաւ:
  4. Ֆրունճեան եղբայրները կարեւոր նպաստ բերած են Պէյրութի մէջ սրճաղացներու ճարտարարուեստի զարգացման:
  5. Սրճաղացներու ժամանակագրական կարգին առումով որոշակի է որ Haci Artinէն ետք կու գայ Վահանը, ապա Froundjian Freresը, իսկ Haci Barkev, Haci Kevork եւ Haci Ohannes կնքուած սրճաղացները արտադրուած են գրեթէ միաժամանակ:
  6. Պէյրութեան սրճաղացներու ֆրունճեանական արտադրանքները գոյատեւած են առաւելագոյնը շուրջ չորս տասնամեակ, 1940ականներէն 1970ականներու աւարտ եւ արդիւնքն են մէկ սերունդի:
  7. Պարգեւ եւ Գէորգ/Գ[առնիկ] Ֆրունճեանները անջատաբար արտադրած են նաեւ նարինջի քամոցներ:
  8. Լիբանանցի արաբ արհեստաւորներ հաւանաբար չեն առնչուած այս արտադրատեսակին:
  9. Լիբանանի մէջ հայկական սրճաղացներու պատումը թերի է եւ անաւարտ:

 [1] Բանաւոր վկայութիւններ՝ ասպարէզին առնչուող հայ եւ արաբ արհեստաւորներու հետ մեր հարցազրոյցներէն:
 [2] Նկատի պէտք է առնել, որ Հալէպի մէջ հայ պղնձագործութիւնը, օրինակ, գոյատեւեց գրեթէ մինչեւ 2000ականներ:
 [3] Շահեկան պիտի ըլլար ուսումնասիրել Գեւոնեանի պատրաստած քարիւղով բանող օճախները, պղնձագործ Օհաննէս Սեֆերեանի արհեստագործութիւնը, Թաշճեանի գորգագործական արհեստանոցը (Խալիլ Պետեւիի մուտքին) եւն.:
 [4] Անդրանիկ Տագէսեան, «Vartabedian Freres. Jdeidet El Metn», Զարթօնք օրաթերթ, ապրիլեան բացառիկ - 2019, էջ 100-7:
 [5] Նիւթը մեր ուշադրութեան յանձնեց բանասէր Մերուժան Կարապետեանը (հաղորդակցութիւն՝ 30 Օգոստոս 2021), որուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք:
 [6] Ըստ ուսուցիչիս՝ հանգուցեալ Օննիկ Սարգիսեանի 1970ականերու դասարանային վկայութեան:
 [7] Քաղուած՝ Րոպերթ Թաթոյեանի Արեւմտեան Հայաստանի Բիթլիսի նահանգի հայ բնակչութեան թիւը Մեծ Եղեռնի նախօրեակին հատորէն (մամուլի տակ): 
 [8] Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բանասէր Յակոբ Չոլաքեանին եւս:
 [9] Մեր նպատակէն դուրս է սուրճի հայկական կենցաղավարութեան պատմութիւնը ուսումնասիրելը: Հեռու ենք նաեւ օսմ.անեան միջավայրին մէջ սուրճի կենցաղավարման մանրամասնութիւններն ու աշխարհագրութիւնը պրպտելէ:
 [10] Հանդիպած ենք նաեւ - նուազ թիւով - չկնքուած սրճաղացներու:
 [11] Զայն պատրաստած ենք հիմնուելով մանաւանդ հաւաքորդ Սասուն Սիմոնեանի ճոխ հաւաքածոյին վրայ, օգտուած ենք հաւաքածոներէ եւս:
 [12] Խորհրդային Հայաստանի մէջ պատրաստուած ոչ-պղնձեայ սրճաղաց:
 [13] Ժիրայր պատանութեան՝ ինք եւս աշխատած էր իր հօր աշխատանոցին մէջ:
 [14] Այս ուսումնասիրութեան համար այլատեսակ, կարեւոր եւ օգտաշատ տուեալներ փոխանցեցին եւ օգտակարութիւն ունեցան.- Արսինէ Թորիկեան, Վերա Թոփաք-եան, դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, դոկտ. Չոլաքեան, Մերուժան Կարապետեան, Ար-թիւր Սարգիսեան (անձնական հանդիպում Էշրեֆիէ, Կիրակի 28 Մարտ 2021ին), Սիմոնեան, Աբրահամ Փափազեան (ծն. Հայֆա, 1946, անձնական հանդիպում, 26 Մարտ, 2021ին, Պէյրութ), տոքթ. Յակոբ Փափազեան, Ժիրայր Ֆրունճեան (16 Մայիս 2021 եւ 16 Յունիս 2021 նամակագրական հաղորդակցութիւն): Օգտուած ենք նաեւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղմանական տոմարին տուեալներէն: Այս բոլորին կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը:
 [15] Յիրաւի, երբ կը բացակային շօշափելի տուեալներն ու փաստերը բանաւոր պատմութիւնը կը վերածուի կարեւոր սկզբնաղբիւրի:
 [16] Պէտք է նշել սակայն, թէ կային սուրճի մասնագիտացուած խանութներ: Ըստ Իւրնէշլեանի ՝ «Մարաշի մէջ յիսնականներուն գործած է Զիա անունով հայու մը սուրճի արտադրամասը, որ սուրճ խարկած-աղացած եւ բաժնած է խանութներու: Զիան իր արհեստը յանձնած է «Քաֆէ Կարօ»ին, որ յիսնականներու կէսերէն ունեցած է աղացած սուրճի արտադրամաս եւ բաժնած է մինչեւ գիւղական շրջաններ: Զիայի խանութը յետոյ գնած է Յովհաննէս Ճանսըզեան, որ նոյնպէս զբաղած է սուրճի արտադրութեամբ, մինչեւ փոխադրութիւնը Արմենիա պողոտայի վրայ գտնուող իր եղբօր վաճառատունը: Զիային երկու տղաքը քաղաքը լուսանկարիչներ էին» (վկայութիւն՝ 10 Սեպտեմբեր 2021ի մեր հանդիպման):
 [17] Ներկայիս անվերադարձ մեկնած է խարկել-աղալու գործընթացը տուներէն ներս:
 [18] Առանցքին միւս ծայրը - աղօրիքէն դէպի վար ցցուած պոչիկը, միքանի սմ. երկարութեամբ – կը խրի վարի գլանաձեւ տուփիկին պարապութեան մէջ: 
 [19] Երբեմն այս եւս երկաթէ շինուած է, բացի գլխիկէն: 
 [20] Հանդիպեցանք հետեւեալ կշիռքներով բռնակներու.- 77.1, 78, 79, 95.2 կրամ:
 [21] Հանդիպեցանք հետեւեալ կշիռքներով գլխարկներու.- 50.6, 73, 78.9, 82.5, 84.88 կրամ:
 [22] Հանդիպեցանք հետեւեալ հասակներով գլաններու.- 8.5, 9, 9.7, 10սմ., որոնք ունէին հետեւեալ կշիռքները.- 414, 538, 557, 619, 730 կրամ եւ հետեւեալ հաստութիւնները.- 0.5, 0.6, 1 մլմ..:
 [23] Հանդիպեցանք հետեւեալ հասակներով գլաններու.- 8.5, 9.5, 11.9, 12.5, 13, 14.4 սմ., որոնք ունէին հետեւեալ կշիռքները.- 64.2, 81.6, 100, 111, 169 կրամ եւ հետեւեալ հաստութիւնը.- 0.5, 0.6, 0.7, 1 մլմ..:
 [24] Հանդիպեցանք հետեւեալ հասակներով գօտիներու.- 1.2, 1.5, 2 սմ., որոնք ունէին հետեւեալ հաստութիւնը.- 1, 1.1, 1.2, 1.6 մլմ..:
 [25] Շատ հազուագիւտ են աւելի փոքր եւ մեծ տրամագիծով սրճաղացները:
 [26] Երբեմն կը հանդիպինք արաբերէն եւ Garanti արտայայտութեանց սխալագրութիւններու: Նշուած թիւերը կնիքներուն մաս կը կազմեն եւ կ'առնչուին արտադրանքին որակին: Իսկ շեղակի գիծերով նշած ենք յաջորդ տողի սկիզբը:
 [27] Բոլոր աստղերը հինգթեւանի են:
 [28] Այս եւ միւս բոլոր թիւերը մաս կը կազմեն կնիքներուն եւ կ'առնչուին արտադրանքին որակին: Իսկ շեղակի գիծերով նշած ենք կնիքի յաջորդ տողի սկիզբը:
 [28] Բոլոր աստղերը հինգթեւանի են:
 [29] Այս բառը կը նշանակէ երաշխաւորուած, կարծէք ատենի “warranty’’ն ըլլար:
 [30] «Պուլատ ասլի»՝ կը նշանակէ որակաւոր պողպատ, նկատի ունենալով որ աղօրիքը շինուած էր երկաթէ եւ կրնար շուտ մաշիլ՝ եթէ չպողպատուէր:
 [31] Պարգեւ Ֆուրունճեան անուն-ազգանունի կրճատուած ձեւը: 
 [32] Արդեօ՞ք «Օննիկ-Օհան»ի տարբերակն է, սխալագրուած: 
 [33] Հաւանաբար անոր պաշտօնական անունը Յովհաննէս էր, որովհետեւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցիին մահացեալներու տոմարին մէջ հանդիպեցանք հանգուցեալ Յովհաննէս Ֆրունճեանի թաղման տուեալներու. ան լիբանահայ է, ծնած Հալէպ 1921ին եւ մահացած Զահլէ, 10 Հոկտեմբեր 1972ին, շաքարախտէ ու թաղուած Պուրճ Համուտ, 1 Նոյեմբեր 1972ին: Յովհաննէսի հօր անուն նշուած է Տիգրան (ծնեալ Տիգրանակերտ), իսկ մօր անուն՝ Հեղինէ (ծնեալ Սեւերէկ)..:
 [34] Գառնիկ ուսանած է Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութեան Նշան Փալանճեան Ճեմարանը մինչեւ 9րդ դասարան:
 [35] Այսմէկը նպաստած ըլլալու է զաւակներու մետաղի մասին իմացութեան:
 [36] Ըստ Ժ. Ֆրունճեանի տեղեկատուութեան, Վահան սրճաղացներ կ'արտադրէր Պէյրութի մէջ եւ զանոնք կը կնքէր իր անունով: Մենք, սակայն, չհանդիպեցանք այդ անունով կնքուած սրճաղացներու:
 [37] Ըստ Ժ. Ֆրունճեանի վկայութեան, զաւակները կը մղեն հայրը որ հանգստեան կոչուի, եւ զերծ մնայ յաւելեալ յոգնութենէ: Ասիկա, սակայն ընկճախտի կ'առաջ-նորդէ Տիգրանը, որ կը մահանայ 1956ին, Զոքաք Պլաթի իր տան մէջ: 
[38] Ծանօթ ենք փախուստի պատումի մը, երբ առաջին նաւով Պէյրութէն մեկնած ե-րեք անձեր՝ Թորոս Ճերէճեան, ճեմարանցի մը եւ կաղ երիտասարդ մը, որոնք ներշնչուած Բ. համաշխարհային պատերազմի հերոս օդաչու Նելսոն Ստեփան-եանի տիպարէն՝ երազած են օդաչու դառնալ: Մերժուելով, սակայն, անոնք Արաք-սի վրայով Թուրքիա անցնելով վերադարձած են Պէյրութ, երբ դեռ երկրորդ կարաւանը չէր մեկնած: Թորոս Ճերէճեան կը պատկանէր հնչակեան ընտանիքի: Ան իր ընտանիքին (ծնողք, 3 քոյր եւ երկու եղբայր) հետ ներգաղթած էր Խ. Հայաստան (հեռախօսազրոյց Մաքրուհի Խաչատուրեանի հետ, 30 Յունիս 2021): Յստակ չէ եթէ այս խմբակը կը նոյնանայ Ֆրունճեաններուն հետ:
[39] Ներգաղթի առաջին նաւը Պէյրութէն կը մեկնի 23 Յունիսին, Պաթում կը հասնի Յունիս 27ին: Ներգաղթողները Երեւան կը հասնին 2 Յուլիսին: Միւս կարաւան-ները կը մեկնին ՝ 10 եւ 12 Յուլիսին, 10 Օգոստոսին, 12, 16 եւ 27 Սեպտեմբերին եւ 1946ի վերջին կարաւանը՝ 5 Հոկտեմբերին (Ժողովուրդի ձայն, 5, 25, 28 Յունիս, 3, 10, 11, 14, 17, 21 Յուլիս, 8, 13, Օգոստոս եւ 4, 10, 11, 13, 15, 17, 20, 24, 29 Սեպտեմբեր, 3, 6 Հոկտեմբեր 1946): Հաւանական է որ Գէորգ Ֆրունճեան առաջին երեք կարաւաններէն մէկով մեկնած ըլլայ՝ հակառակ տրուած վկայութեան: 
 [40] Նիւթեր չունինք Պարգեւ Ֆրունճեանի արհեստանոցին գործունէութեան մասին:
 [41] Չհանդիպեցանք Գառնիկ-Գէորգ Ֆրունճեան կնքուած սրճաղացներու, սակայն ունինք նարինջի քամոցի պիտակ մը՝ «Kevork & K. Froundjian» (տե՛ս՝ նկար):
 [42] Հաւանաբար ան գործընկերութեան մէջ չէր Գէորգ հետ, այս գործով: 
 [43] Ժ. Ֆրունճեան կը վկայէ. «հայրս ձմռան երեք ամիսները կ'անցընէր մեզի հետ, իսկ մնացեալ 9 ամիսները՝ Պէյրութ: Իսկ երբ մայրս քաղցկեղով հիւանդացաւ, ան ծրագրեց մօրս մահէն ետք վերադառնալ եւ ապրիլ Լիբանան»: 
 [44] Ժ. Ֆրունճեանի վկայութիւն: Չհանդիպեցանք “ISTANBUL”ը կրող կնիքներու: 
 [45] Գէորգին քամոցները լաւորակ էին, դիմացկուն եւ կը մրցէին արտասահմանեան (մանաւանդ իտալական) արտադրութեանց հետ, որոնք աւելի ներկայանալի էին (Ա. Փափազեանի վկայութիւն):
 [46] Սրճաղացները կնքելու այլ պատճառ էր առկայ մրցակցութիւնը:
 [47] Ըստ Ա. Փափազեանի «Մենք 35 ոսկիի կը ծախէինք քմոցը: Իսկ սրճաղացը անոր շուրջ բան մը պիտի ըլլայ»:
 [48] Կը վկայուի որ ան «ամէն երեք ամիսը Հայաստան կ'երթար կու գար, վաճառականութիւն կ'ընէր»: 
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին