ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Ապահովեց Եօթը Տիտղոսներէն Վեցը
Լիբանանի փինկ փոնկի ախոյեանութեան մրցումներուն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի արձանագրած աննախընթաց յաջողութիւններուն առիթով, Երկուշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ փինկ փոնկի ախոյեան կազմին անդամ-անդամուհիներուն, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ:
Երեկոյին ներկայ գտնուեցան ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եւ անդամներ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ եւ անդամներ, վարչական պատասխանատուներ,միութենականներ, մարզիկներ եւ մարզիկներու ծնողներ:

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ փինկ փոնկի վարչական պատասխանատու Սահակ Պիտինեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ընդգծելով, որ ՀԵԸ-ի հիմնադրութեան օրէն, փինկ փոնկը աւանդական մարզաձեւ մը եղած է ՀԵԸ-ի համար, անոր հիմնադրութեան առաջին տարիներէն:
Այս միջոցին պաստառի վրայ ցուցադրուեցան միութենական յարկի տակ եւ Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի փինկ փոնկի հաւաքականը ներկայացուցած ՀԵԸ-ի մարզիկներէն յիշատակի նկարներ:

Այս ուրախ առիթով, սրահը ծափերով ողջունեց Լիբանանի երկրամեայ ախոյեան եւ փինկ փոնկի ֆետերասիոնի վեթերան անդամ, ՀԵԸ-ական Մարսէլ Պարսումեանի ներկայութիւնը երեկոյին:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան Միութեան անունով շնորհաւորեց փինկ փոնկի ախոյեան մարզիկները, մարզուհիները, խումբերուն մարզիչ Մելիք Ալ Թաուիլը, վարչական պատասխանատու Սահակ Պիտինեանը այս տարուան աննախընթաց յաղթանակին առիթով: Ան նշեց, թէ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ ոսկէ մետալ ապահոված էր ախոյեանութեան եօթը կարգերէն վեցին, եօթներորդը՝ արծաթ: Վիգէն Չերչեան նորանոր յաջողութիւններ ՀԵԸ-ի փինկ փոնկի կազմին:
Հաճելի անակնկալով մը, սրահ ժամանեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Վարչութեան ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանը եւ մէկ առ մէկ շնորհաւորեց փինկ փոնկի կազմին անդամ-անդամուհիները:
Սրտի խօսք արտասանեց Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Ճորճ Քոփալին, շնորհաւորելով ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մարզիկներուն արձանագրած գերազանց արդիւնքները
Սրտի խօսք փոխանցեց նաեւ մարզուհիներու ծնողներէն Միրնա Ալ Հապաշը:
Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու բաշխում:
Փինկ փոնկի ախոյեան- ախոյեանուհիները, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը,փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Մելիք Ալ Թաուիլը, փինկ փոնկի վարչական պատասխանատու Սահակ Պիտինեանը, վեթերան մարզիկ- մարզիչ Մարսէլ Պարսումեանը միասնաբար հատեցին օրուան կարկանդակը:
Յիշատակելի երեկոյի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: