Շաբաթ, 04. 05. 2024

spot_img

Միքաթի Ժամանակի Հետ Մրցումի Մէջ Է

Մինչ կառավարութիւնը անդամալոյծ է, արաբական երկիրներու Լիբանանի  կառավարութեան դէմ որդեգրած քայլերը կը սաստկանան: Խնդիրը միայն դիւանագիտական տագնապ չէ, այլ նաեւ տնտեսական:

Հակառակ ոմանց լաւատեսութեան ինչ կը վերաբերի Կլասքոյի մէջ Վարչապետ Միքաթիի բազմակողմանի շփումներուն միջազգային ընտանիքի ղեկավարներուն հետ, կայ տեսակէտ մը, որ կ՛ըսէ թէ Միքաթիի աշխատանքները ուշացան եւ փոթորիկը դժուար է կանխել:

Վերջին յոռետես կարծիքը սակայն չարգիլեր, որ ճիգերը շարունակուին Ֆրանսան, ԱՄՆ-ն, Քաթարն ու Եգիպտոսը ներառել ստեղծուած տագնապին լուծման ի խնդիր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին