Հինգշաբթի, 02. 05. 2024

spot_img

Լիբանանահայ Դպրոց

Հանգանակութեան Միջազգային Արշաւ`Ի Նպաստ Մեսրոպեանի Կարիքաւոր Աշակերտներուն

Գործակցաբար Alphabetical Order բարեսիրական կազմակերպութեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանները  մեկնարկը տուին հանգանակութեան միջազգային արշաւի մը, որուն նպատակն է գոյացնել տաս հազար ամերիկեան տոլար, ի նպաստ զոյգ վարժարաններու կարիքաւոր սաներու ֆոնտին։

Արշաւը կը գործարկուի նշեալ կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին վրայ, որ կը հիւրընկալէ եւս 13 լիբանանեան դպրոցներ։ Նուիրատուութիւն կատարել ցանկացող մարդիկ եւ կազմակերպութիւններ կրնան իրենց դրամական ուղղակի փոխանցումները կատարել Մեսրոպեանի համար յատուկ ստեղծուած էջին վրայ, այստեղ՝ https://alphabeticalorder.org/en/project/mesrobian-high-school-and-technical-college-tuition-aid/

Այս արշաւը եւս մէկ քայլ է, զոր Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը կը կատարէ օգնելու համար ծնողներուն՝ հոգալու իրենց զաւակներուն կրթութեան ծախսերը ներկայ տնտեսական դժնդակ պայմաններուն մէջ։ Ամէն ջանք պիտի գործադրենք, որ որեւէ աշակերտ դրամական նեղութեան պատճառով չզրկուի կրթութենէն եւ այդ՝ ի խնդիր անոնց յուսալի ապագային եւ վաղուան առողջ ընկերութեան, որուն կայացման յանձնառու պիտի մնանք միշտ։

Տնօրէնութիւնը արշաւի կազմակերպման անշահախնդրօրէն օգնելուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնէ Alphabetical Order կազմակերպութեան եւ կոչ կ՛ուղղէ Մեսրոպեան վարժարանի բարեկամներուն, նախկին սաներուն եւ ընդհանրապէս աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներուն, որ նպաստեն անոր տարածման՝ տեղեկատուական միջոցներուն եւ ընկերային ցանցերուն վրայ։

Տնօրէնութիւն
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին