Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Հոկտեմբերի 27-ի Ահաբեկչական Ամօթալի Գործողութիւն

27 Հոկտեմբեր 1999-ին Հայաստանի Ազգային ժողովին վրայ կատարուեցաւ յարձակում մը, կառավարութեան հարց ու պատասխանի ժամանակ՝ կառավարութեան անդամներու ներկայութեամբ։ Ահաբեկչական խումբի գործած ոճիրին արդիւնքով զոհուեցան ՀՀ ԱԺ նախագահ Կարեն Դեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը և 6 այլ պետական գործիչներ ու ԱԺ պատգամաւորներ, 8 մարդ վիրաւորուեցան, իսկ 91-ը՝ պատանդ բռնուեցան։

Ահաբեկչութիւնը կատարած ահաբեկիչներուն դատավճիռը հրապարակուեցաւ 2 Դեկտեմբեր 2003-ին  դատական վերջին նիստի ժամանակ։ Նորք-Մարաշ շրջանային դատարանի դատաւոր Սամուէլ Ուզունեանը արձակեց ոճրագործութիւնը կատարած 7 ահաբեկիչների հանդէպ վճիռ: Ըստ վճիռին 6 հոգի ցմահ դատապարտուեցան, իսկ մէկը՝ 14 տարուայ ազատազրկման։ Բուն գործողութիւնը իրակացնողները 5-ն էին` Նայիրի Հունանեան, Կարէն Հունանեան, Վռամ Գալստեան, Դերենիկ Բեջանեան, Էդուարդ Գրիգորեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին