Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Հացը Դարձեա՞լ Պիտի Սղի

Կ՛ակնկալուի, որ այսօր հացի գինի նոր ցուցակ մը յայտարարուի Լիբանանի Տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ: Նշուեցաւ, որ անոր գինը մագլցում պիտի արձանագրէ վառելանիւթի գինի սղաճին արդիւնքով:

Աղքատութիւն ապրող լիբանանցին անօթութեան կրնայ դատապարտուիլ գնային  նմանօրինակ մագլցումներով, որ անելի առջեւ դրած է մանաւանդ բազմազաւակ ընտանիքները, որոնց համար չոր հացն ալ այլեւս հասանելի չէ:

Ընկերատնտեսական այս ցաւալի վիճակը տակաւին չարգիլեր քաղաքական պատասխանատուներուն հրաժարելու իրենց անկուշտ ախորժակէն, որոնք այժմ զբաղած են նոր ընտրութիւններու պատրաստութեամբ, որուն համար ամէն ինչ պիտի ընեն իշխանութիւնը ձեռքէ չփախցնելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին