Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ Լիբանանի Ախոյեանութեան Երկրորդ Փուլին Հասաւ

ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ

  Մոն  Լա Սալի մէջ այս  օրերուն,  Լիբանանի  փինկ փոնկի  ֆետերասիոնին   հովանաւորութեամբ,  տեղի կ’ունենան   Լիբանանի  փինկ փոնկի    Ա. դասակարգի  ախոյեանութեան մրցումները:

 Երկու խմբակներու  բաժնուած  12 ակումբներ  կը մասնակցին ախոյեանութեան մրցումներուն:  Խմբակներուն  երկու գլխաւոր դիրքերը գրաւող կազմերը  կ’անցնին  կիսաւարտական  փուլ:

Հակառակ այն  իրողութեան, որ  մրցակից կազմերու մեծամասնութիւնը  օժտուած են  փորձառու, յաճախ ալ  արտասահմանէն ժամանած  ծագումով լիբանանցի մարզիկներով, ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութ «ճիւնիոր»ներու կազմով  որոշեց  մասնակցիլ  ախոյեանութեան մրցումներուն:

   Մեր տղաքը  պարտութեան  մատնեցին   իրենց  խմբակին  մէջ գտնուող   բոլոր՝  հինգ  մրցակիցները եւ գլխաւորեցին խմբակին  ընդհանուր դասաւորումը եւ անցան ախոյեանութեան  երկրորդ փուլը, ուր  իրենց մրցակիցը պիտի   ըլլայ  երկրորդ խմբակին   Բ. դիրքը գրաւող   լիբանանեան  բանակին կազմը:

  ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի  փինկ փոնկի կազմին   մարզիչն է Մելիք Թաուիլը, վարչական պատասխանատուն՝  Սահակ Պիտինեանը:

Ստորեւ, ախոյեանութեան խմբակային փուլի մրցումներուն,  ՀԵԸ Անդրանիկ   Պէյրութի   արձանագրած արդիւնքները.

ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութ  –   ՀՄԸՄ Պէյրութ՝ 3-1

 ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութ –  Մոն  Լա Սալ՝  3-0

 ՀԵԸ Անդրանիկ   Պէյրութ –  Չարիթէ Տար Էլ Նուր՝ 3-0

 ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութ – Լիուա 2 Սայտա՝  3-2

ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութ – Ահլի Սայտա՝  3-0

Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք   մեր  մարզիկներուն:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին