Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Լիբանանահայ Դպրոց

Հայ Լեզուն Տունն Է Հայուն

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնակատարութիւնը

22 Հոկտեմբեր 2021-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին աշակերտները, նախորդ երկու տարիներու ստիպողական դադարէն ետք, հաւաքաբար նշեցին Սրբոց Թարգմանչաց տօնը, վարժարանին շրջափակին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին:

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Նանօր Առնելեան: «Դարերու ընթացքին, երբ բազմաթիւ հզօր ազգեր չեն կրցած տոկալ իրենց առջեւ ծագած փոթորիկներուն եւ անցած են պատմութեան, հայ ազգը կրցաւ գոյատեւել եւ այս գոյատեւումին գլխաւոր ազդակներէն մէկը հանդիսացաւ թարգմանիչներու ճամբով հայացած մեր հաւատքն ու ստեղծուած մշակոյթը», ըսաւ Մեսրոպեանի աշակերտուհին եւ աւելցուց. Ինչպէս անցեալին յաղթահարած ենք բոլորը եւ գոյատեւած որպէս ազգ, պիտի շարունակենք գոյատեւել այնքան ատեն մեզի չի պակսիր մեր լեզուին, մշակոյթին ու հաւատքին կառչած մնալու մեր թարգմանիչներէն մեզի կտակուած զօրաւոր կամքը։

Գեղարուեստական մասով Ծաղիկ դասարանի աշակերտները կատարեցին երկու երգեր՝ «Ա.Բ.Գ. » եւ «Ով եմ ես» եւ արատասանութիւն մը՝ «Մեսրոպ Մաշտոց»: Ե. դասարանի աշակերտները կատարեցին «Հայերէն» (Խաչիկ Դաշտենց), Զ. դասարանը՝ «Հայ լեզուն տունն է հայուն» (Մուշեղ Իշխան) ասմունքները, իսկ միջնակարգէն 7 աշակերտներ ներկայացուցին ասոյթներ հայոց լեզուին մասին: Փոքր Ծիծեռնակներու երգչախումբը կատարեց «Շատ կը սիրեմ իմ վարժարան» երգը, խմբավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի: Նանօր Առնելեան եւ Սէրլի Նէմշհէրիլեան կատարեցին նուագ ՝ «Քելէ քելէ»:

Օրուան խորհուրդին մասին աշակերտներուն իր խօսքը ուղղեց գլխաւոր պատգամախօս՝ վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Արժանապատիւ Տէր Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան: Քահանայ հայրը նախ դիտել տուաւ այն դժուարին եւ հսկայածաւալ աշխատանքը, զոր Սուրբ Թարգմանիչները կատարեցին Ե. դարուն, մեզի պարգեւելով Աստուածաշունչի «Թարգմանութեանց թագուհին», ինչպէս զայն կոչած է ֆրանսացի գիտնական մը: Ան շեշտեց, որ Թարգմանիչներուն իրագործումները նշանակալի են ոչ միայն հայերուս, այլ ամբողջ մարդկութեան համար, քանի որ անոնց շնորհիւ մեզի հասած են բազմաթիւ օտարալեզու գործեր, որոնց բնագիրները կորսուած են ժամանակին ընթացքին:

Տէր Ռաֆֆի ըսաւ, որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ խօսքն է՝ ուղղուած մարդկութեան, հետեւաբար, անիկա պէտք է ըլլայ մշտական ընթերցանութեան աղբիւր քրիստոնէային համար: Ան համոզում յայտնեց, որ իւրաքանչիւր Մեսրոպեանական ի վիճակի է դառնալու Քրիստոսի եւ անոր Եկեղեցւոյ առաքեալը եւ այդպէս շարունակել Սուրբ Թարգմանիչներուն գործը:

Հանդիսութեան աւարտին աշակերտութեան իր պատգամը յղեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Ան ըսաւ, որ վարժարանի շրջափակին մէջ կանգնած Սուրբ Մեսրոպի արձանը ազգային շունչ, ոգի եւ մտածողութիւն ներշնչող ներկայութիւն մըն է աշակերտութեան համար, որ այսօր անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, որ ամրօրէն կառչած կը մնայ իր հայկական ինքնութեան:

Եկէք ուխտենք, որ յաւերժ հաւատարիմ պիտի մնանք Մեսրոպեան աւանդին, որ մշտապէս պիտի խօսինք, երգենք, աղօթենք եւ ապրինք հայօրէն, հայու անունը միշտ բարձր պահելով ամէն տեղ, ըսաւ պարոն Գալուստ: Ան շեշտեց, որ հայոց լեզուն պէտք է բոլորին համար դառնայ հարազատ տուն. Պահպանենք այդ տունը, եւ պիտի տեսնէք, որ ի վիճակի պիտի ըլլանք վերադարձնելու նաեւ Արցախի բռնագրաւեալ տարածքներն ու հայրենիքի այլ տարածքներ, որոնք մեզմէ խլուեցան բռնօրէն, եզրափակեց տնօրէնը:

Թարգմանչաց տօնին ընդառաջ, անցեալ շաբթուան ընթացքին Մեսրոպեանի նախակրթարանին եւ մանկապարտէզին մէջ աշակերտներ կատարեցին տարբեր աշխատանքներ:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին