Յարատեւ աշխատանք եւ կամք: Լիբանանի այս տագնապալի առօրեային մէջ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտանիքը պայմաններուն արտօնած սահմաններուն մէջ կը շարունակէ բեղուն գործունէութիւն:
Ահաւասիկ բարի արագիլ մը համայն ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի մեծ ընտանիքին: ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ արժանաւորապէս շահեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի (սեղանի թենիս) Ա. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսը:

Մրցումները տեղի ունեցան Մոն Լա Սալի մէջ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին հովանաւորութեան տակ:
Առաջին փուլին, ախոյեանութեան մասնակից 12 ակումբները բաժնուեցան երկու խմբակներու: Իւրաքանչիւր խումբ, իր խմբակին մէջ պիտի մրցէր մնացեալ հինգ խումբերուն դէմ: Խմբակներուն երկու գլխաւոր դիրքերը գրաւող կազմերը պիտի անցնէին կիսաւարտական փուլ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ մրցակից կազմերու մեծամասնութիւնը օժտուած էին փորձառու, յաճախ ալ արտասահմանէն ժամանած ծագումով լիբանանցի մարզիկներով, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ «ճիւնիոր»ներու կազմով որոշեց մասնակցիլ ախոյեանութեան մրցումներուն:
Մեր տղաքը պարտութեան մատնեցին իրենց խմբակին մէջ գտնուող բոլոր՝ հինգ մրցակիցները եւ գլխաւորեցին խմբակին ընդհանուր դասաւորումը եւ անցան ախոյեանութեան կիսաւարտականի փուլին:
Կիսաւարտական փուլի մրցումին, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ՝ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիբանանի բանակի խումբին, իսկ աւարտականին՝ 3-0 արդիւնքով Ահլի Սայտային:
Նշենք, թէ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ վերջին անգամ 2002-ին շահած էր սոյն տիտղոսը:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մարզիկները,անոր մարզչական կազմը, վարչական պատասխանատուները այս պանծալի յաղթանակին առիթով, մաղթելով նորանոր նուաճումներ:
ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի փինկ փոնկի կազմին մարզիչն է Մելիք Թաուիլը, վարչական պատասխանատուն՝ Սահակ Պիտինեանը:
Ստորեւ, ախոյեանութեան խմբակային փուլի մրցումներուն, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի արձանագրած արդիւնքները.
ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Պէյրութ՝ 3-1
ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ – Մոն Լա Սալ՝ 3-0
ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ – Չարիթէ Տար Էլ Նուր՝ 3-0
ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ – Լիուա 2 Սայտա՝ 3-2
Ի գիտութիւն մեր մարզասէր հասարակութեան, այսօր՝ Շաբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2021, պիտի սկսի Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց ախոյեանութիւնը:
Յաջողութիւն մեր բոլոր մարզուհիներուն: