Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Հայկական Երեք Յարանուանութեանց Եկեղեցիներու Մէջ Միաժամանակ Կայացաւ ՌԱԿ-ի Ննջեցեալ Հաւատաւոր Անդամներուն Եւ ՌԱԿ-ի Մամուլին Երախտաւորներուն Նուիրուած Հոգեհանգիստ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ՌԱԿ 100-ամեակի Յոբելենական  Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Հայկական երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներու մէջ միաժամանակ կայացաւ ՌԱԿ-ի ննջեցեալ հաւատաւոր անդամներուն եւ ՌԱԿ-ի մամուլին երախտաւորներուն նուիրուած հոգեհանգիստ:

Արդարեւ ՌԱԿ 100-ամեակի առիթով, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եւ Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցիներուն ինչպէս նաեւ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցիին մէջ, Կիրակի  10 Հոկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ՌԱԿ-ի նուիրեալներու հոգիներուն համար: Ներկայ էին ննջեցեալներուն ընտանիքներու անդամներն ու գաղափարի ընկերներ: Նշեալ եկեղեցիներուն մէջ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կը ներկայացնէին ընկերներ Գրիգոր Մկրեանն ու Մեթր Սամ Պասմաճեանը:

Այս առիթով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան սրտի խօսք մը յղած էր շարքերուն, յատկապէս նշելով. «Մեծութիւնը խոնարհ եւ սիրազեղ ծառայութիւն է ուրիշներու նկատմամբ եւ իւրաքանչիւր հայորդի, հաւատարիմ իր ազգային-քրիստոնէական արժէքներուն կոչուած է իր նմանին ծառայելու: ՌԱԿ-ի մեծ ընտանիքէն ներս ու անոր մամուլին մէջ իրենց ներդրումը ունեցած հանգուցեալները, անձնուրաց եւ անսակարկ ծառայեցին հաւաքական շահերուն եւ հաւատարիմ մնացին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ու անոր օրկաններուն: Անոնք իրենց երկնային կեանքին ընթացքին ընտրած էին ՌԱԿ-ի միջոցաւ ծառայել Հայրենիքին եւ Հայ ժողովուրդին: Օրհնեալ ըլլայ յիշատակը եւ լոյսերու մէջ հանգչին մեր հոգեհարազատ ննջեցեալ ընկերուհիներն ու ընկերները ու մեր մամուլին աշխատակիցները, որոնք հաւատքով, սիրով եւ խոնարհութեամբ կատարեցին իրենց ծառայութիւնը»:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

Տեղին է ցաւով, սակայն լուսաբանութեան կարգով նշել, որ քանի մը հերձուած նախկին կուսակցականներ գլխաւորութեամբ ինքնահռչակ «տոքթոր ատենապետ»ի մը նոյն օրը, նոյն ժամուն, այլ եկեղեցիի մը մէջ անյոյս փորձով մը նկրտած էին հոգեհանգիստ մը կազմակերպել օգտագործելով նմանօրինակ շատ նուրբ եւ զգացական առիթ մը: Անոնք իրենց ինքնակեդրոն միտումով չէին խնայած նոյնիսկ մեր ննջեցեալները՝ չարաշահելով անոնց անմեռ յիշատակը: Նոյնանման փորձ մը քանի մը օր առաջ նոյն մարդիկը կատարած էին 5 – 6 հոգիով այցելելով երախտաւոր կուսակցականներու գերեզմաններ, այնտեղ առնելով ծիծաղելի՝ միեւնոյն ժամանակ սակայն ցաւալի լուսանկարներ, որոնք իրենց բովանդակութեամբ ու ցրւումին կերպով, նուաստացուցիչ էին մեր 100-ամեայ կուսակցութեան համար:

Տեղեկատուական Գրասենեակ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին