Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

ԳՈՅԺ

Ոչ Եւս Է Օրդ. Լորիս Թուղլաճեան

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանը սրտի անհուն կսկիծով կը գուժէ մահը անոր երկարամեայ վաստակաշատ ուսուցչուհի եւ հոգաբարձութեան ատենադպրուհի՝ Օրդ. Լորիս Թուղլաճեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ 9 Հոկտեմբեր, 2021-ին՝ Գանատա։ Օրդ.  Լորիս իր համեստութեամբ, ազնուութեամբ, աշխոյժ գործունէութեամբ ու աշխատասիրութեամբ վաստակեց բարի համբաւ։ 

Անոր ձեռքին տակ հասակ առած նախկին  աշակերտները ամենայն սիրով ու  յարգանքով պիտի յիշեն զինք։

Վարժարանիս հոգաբարձութիւնը, Տնօրէնութիւնը, Ուսուցչակազմը,  Ծնողաց յանձնախումբը  եւ աշակերտութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն ողբացեալի ընտանիքի բոլոր պարագաներուն։

Թող Աստուածային լոյսերու մէջ հանգչի իր հոգին, արժանանալով երկնային արքայութեան։ 

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին