Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Թիկունք Կանգնելու Լիբանանի Կառավարութեան Տնտեսական Փրկութեան Ծրագրին. Միութեան Պատուիրակ

Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է Լիբանանի կառավարութեան թիկունք կանգնելու, որպէսզի ան կարենայ իրագործել տնտեսական տագնապը շրջանցելու փրկութեան ծրագիրը: Այս մասին երէկ յայտարարեց Լիբանանի մէջ ԵՄ դեսպան Ռալֆ Թարրաֆը:

Երկիրը յուզող այլ օրակարգով մը, դատախազ Թարէք Պիթար երէկ ամփոփեց Պէյրութի նաւահանգիստի օրակարգով երեք նախկին նախարարներու դատական թղթածրարը, որոնք մեղադրուած են անհոգութեամբ եւ ձախող տնօրինմամբ: Անոնք պիտի հրաւիրուին հարցաքննութեան:

Միւս կողմէ երկիրը դարձեալ կը հարուածուի քորոնաժահրով: Վերջին 24 ժամերուն Լիբանանի մէջ գրանցուած են 728 վարակակիր եւ մահացած են 24 անձեր սոյն ժահրին հետեւանքով: Այս մասին երէկ հաղորդեց Առողջապահութեան նախարարութիւնը:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին