Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Մեր Երազային Աշխարհը

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Մանկութեան Երազներ

Սա կը վերաբերի նախակրթարանի աշակերտներուն։ Այն ժամանակ՝ զիրար տպաւորելու եւ կամ զիրար վախցնելու համար կ՛ըսէինք, «Իմ հայրս ոստիկան է։» Ասոր վրայ աւելցնելով նաեւ կըսե՛նք, «Երբ մեծնամ, ես զինուոր պիտի ըլլամ։»

Անշուշտ կռահեցիք որ «Հայրս ոստիկան է» ըսողին հայրը ոստիկան չէր, այլ պարզ սափրիչ մը եւ կամ ալ արհեստաւորի քով աշխատող գործաւոր մը։ Ասոնք սուտ չեն, այլ ցանկալի մտածողութիւն՝ ինչպէս ամերիկեան խօսելակերպը կը բնորոշէ, wishful thinking.

Այդ ցանկութիւններուն մաս կը կազմէր նաեւ ուսուցչութիւնը, որովհետեւ այդ ասպարէզն ալ հեղինակութիւն կ՛ենթադրէր, հակառակ որ անոնց նիւթական վարձատրութիւնը չնչին էր՝ բաղդատմամբ արհեստաւորներուն եւ գործատէրերուն։

Այդ երազները ժամանակի ընթացքին կը փարատին եւ տարիքի բերումով կը վերածուին աւելի շօշափելի եւ գործնական նպատակներու, որոնք կրնան իրագործուիլ եւ դառնալ իրական։ Հիմա անցնինք տարիքային ուրիշ հանգրուանի մը, որ կը կոչուի պատանեկութիւն եւ տեսնէք թէ ինչ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան հոն։

Պատանեկութեան Երազներ

Սա կը վերաբերի երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն։ Հալէպ Գոլեճը, իմ յաճախած երկրորդական վարժարանը, կը գտնուէր քաղաքէն դուրս բարձրավանդակի մը վրայ՝ որ կը կոչուէր Անսարի։ Գոլեճը՝ թէեւ ունէր իրեն յատուկ փոխադրական պասերը, սակայն ես կ՛օգտագործէի փոխադրական հանրային պասերը՝ որոնք աւելի աժան էին եւ ձեռնտու, քաղաքի զանազան վայրերն ալ երթալու . . .

Գոլեճի սկզբնական տարիներուս, կը ցանկայի հանրային պասերու վարիչ ըլլալ եւ ընտրել գոլեճի գիծը։ Երբ փոքր ես, երազներդ ալ փոքր կ՛ըլլան կարծես՝ սակայն բարեբախտաբար այդ երազները երկար չեն դիմանար եւ տարիներու թաւալումին հետ անոնք կը մեծնան եւ կը դառնան իրական ու հասանելի։

Այսպէս՝ երբ բարձրագոյն դասարանի աշակերտ էի, ընտրեցի Գոլեճի գիտական բաժանմունքը եւ որոշեցի մասնագիտանալ երկրաչափութեան ճիւղին մէջ։ Բայց երբ դիմեցի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի երկրաչափական բաժանմունքը՝ զիս զետեղեցին «սպասման ցանկին» վրայ՝ այսինքն waiting list. Դժբախտաբար այդ երազս չիրականացաւ։

Ստիպուած՝ արձանագրուեցայ Պէյրութի Հայկազեան Գոլեճը եւ երկու տարիէն վկայուեցայ որպէս Անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ եւ ստացայ համապատասխան Պսակաւոր Արուեստից տիտղոս։

Երիտասարդական Երազներ

Այս անգամ երազս Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը յաճախել էր, հոգ չէ թէ որ մասնագիտութեան համար։ Այս երազս իրականացաւ երեք տարի վերջ, որու ընթացքին ես վարեցի Հալէպի Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ վարժարանի տնօրէնութիւնը։

Ուրեմն դիմեցի թէ համալսարանի անգլերէն լեզուի բաժանմունքը եւ թէ ալ Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան, կրթաթոշակի համար։ Ուրախութիւնս անսահման էր երբ երկու հաստատութիւններէն ալ ընդունուեցայ։

Երկու տարի (1969-1971) Ամերիկեան Համալսարանը յաճախելէ ետք ստացայ Մաքիստրոս Արուեստից վկայական՝ մասնագիտանալով Անգլերէնը որպէս Օտար Լեզու Ուսուցման ճիւղին մէջ։

Այս ընթացքին իրականացաւ նաեւ երկար տարիներու երազս՝ աշխարհը ման գալու եւ վայելելու, զանազան երկիրներու բնական տեսարժան վայրերը։ Յորդանանեան անձնաթուղթս դիւրացուց այս գործընթացը եւ ես լիովին օգտագործեցի այս առանձնաշնորհումը, փառք Աստուծոյ։

Ի՞նչ մնաց ինծի, ամուսնանալ եւ հայեցի տոհմիկ ընտանիք մը կազմել։ Երբ երեք ու կէս տարի Սէուտական Արաբիա աշխատելէ ետք եկայ ամերիկա եւ հաստատուեցայ արեւմտեան ափի Լոս Անճելըս քաղաքը, սկսայ փնտռտուքի եւ վերջապէս յաջողեցայ այս առաքելութեան մէջ եւս։

Հիմա որ յետադարձ ակնարկ մը նետեմ անցեալիս վրայ, կը փափաքիմ որ ուրիշներու երազներն ալ իրականանան եւ անոնք ալ վարեն ուրախ ու հանգիստ կեանք մը՝ պատեհութեանց մարմնացում հանդիսացող այս երկրին մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին