Կիրակի, 10 Հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին եւ Անթիլիասի Դպրեվանքի 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանի բացման առիթով։
Հանդիսապետութեամբ՝
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ՝
ՀՈԳՇ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
(ՏԵՍՈՒՉ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ)
Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, տեղի պիտի ունենայ Դպրեվանքի 2021-2022 տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնը, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը պիտի փոխանցէ իր Հայրապետական պատգամը։
Կոչ կ՚ուղղենք մեր սիրեցեալ ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Թարգմանչաց սերունդին ոգեկոչման արարողութեան եւ աղօթակից դառնալու դպրեվանեցիներուն՝ բարի վերամուտ մը ունենալու մաղթանքով։