Յանձնառու Առաքելութիւնը Կը Շարունակուի
Լոկո 85-ամեակ
84 տարիներ առաջ կեանքի կոչուեցաւ ազգային-քաղաքական, հասարակական եւ գրական՝ ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթը: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի պաշտօնաթերթը հիմնադրուեցաւ 1937-ին: Առաջին թիւը լոյս տեսաւ 26 Սեպտեմբեր 1937-ին Վահան Թէքէեանի խմբագրապետութեամբ: Հիմնադիրներէն եղած է Միհրան Տամատեան: Անոր լոյս ընծայման նիւթապէս սատարած է Մկրտիչ Մսըրլեան: Արտօնատէր եւ առաջին պատասխանատու տնօրէնը եղած է Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան:
2015-էն ի վեր անոր գլխաւոր խմբագիրն է Սեւակ Յակոբեան: 85-ամեայ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի գոյերթի ընթացքին յաջորդաբար անոր խմբագրապետերը եղած են՝ Վահան Թէքէեան, Լեւոն Թիւթիւնճեան, Երուանդ Քեշիշեան, Յովհաննէս Պօղոսեան, Յակոբ Դաւիթեան, Միքայէլ Նաթանեան, Գրիգոր Պեքերեճեան, Համբարձում Գումրույեան, Գերսամ Ահարոնեան, Յակոբ Աւետիքեան, Պարոյր Աղպաշեան եւ ուրիշներ: 2005-էն ի վեր, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի կարգադրութեամբ եւ անոր ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեանի ջանքերով ԶԱՐԹՕՆՔ-ի հրատարակիչ հաստատութիւնը դարձաւ կուսակցապատկան եւ միութենապատկան՝ ՇԻՐԱԿ ընկերակցութիւնը, որ այսօր կը տնօրինէ՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը:
ԶԱՐԹՕՆՔ կը պարզաբանէ ՌԱԿ-ի ծրագիրն ու տեսակէտները: Կը լուսաբանէ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ միջազգային քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային անցուդարձերը: Լայն տեղ կը յատկացնէ Սփիւռքի Հայ համայնքներու ազգային կեանքին, կ՛անդրադառնայ ազգապահպանման, եկեղեցական, երիտասարդական հարցերուն, կը ջատագովէ հայրենադարձութիւնը, կ՛օժանդակէ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման: Ունեցած է կանանց, մանկապատանեկան, մարզական ու գրական բաժիններ, որոնք այսօր լոյս կը տեսնեն որպէս յաւելուածներ: Նոր Տարուայ, Կուսակցական Յոբելեաններու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցներուն առիթով լոյս կ՛ընծայէ բացառիկ համարներ: Ունեցած է «Զարթօնք սփոր» (1955-57, 1959), եւ արաբերէն «Ալ-Եաքազա» (1957-58) Յաւելուածները: 2000 թուականի առաջին հնգամեակին լոյս ընծայած է արաբերէն լեզուով՝ «Մուլհաք Զարթօնք» յաւելուածը:
«Զարթօնք» այսօր լոյս կը տեսնէ սովորական թիւերու 8 էջանի ծաւալով՝ շաբաթը 6 օր: Իր պատմութեան մէջ ան այսօր ամենատարածուածն է աշխարհի չորս ծագերուն իր տպագիր եւ ելեկտրոնային տարբերակներով: