Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

ԹՄՄ-ի Լուրեր

Երթը Կը Շարունակուի

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Երիտասարդական Նուագախումբին Տարեկան Ելոյթը

Կառչած մնալով իր նպատակներուն եւ սկզբունքներուն, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ զարգացնելով հայ մշակոյթը նոր սերունդներուն մօտ, ուր որ ալ ըլլան անոնք: Եւ ինչը՞ աւելի կը ներթափանցէ մեր սիրտն ու հոգին աւելի քան երգն ու երաժշտութիւնը: Այս դժուար եւ ծանր օրերուն Թէքէեան Մշակութային Միութեան երիտասարդական երաժշտախումբը՝ «Եութ Պէնտ»ը վերստին հանդիսատեսին կը հրամցնէ իր երկարատեւ եւ տքնաջան աշխատանքի լաւագոյն պտուղները, ապացուցելով որ կամքն ու աշխատասիրութիւնը դժուարութիւններ չեն ճանչնար: Հինգ տարիներ առաջ հիմնուած այս խումբը հիմնականին մէջ կազմուած է երիտասարդ երգիչ եւ արուեստագէտ երիտասարդ, երիտասարդուհիներէ, որոնք իրենց երաժշտական տաղանդը կը մէկտեղեն ստեղծելով գեղեցիկ փունջ մը, զոր կը համադրէ եւ կը ղեկավարէ գեղարուեստական ղեկավար Վիգէն Չալեան:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան երիտասարդական նուագախումբը ճոխացուցած ու հարստացուցած է լիբանանեան տարբեր բեմեր՝ Յովհաննէս Պօղոսեան, Յակոբ Տէր Մելքոնեան, Սէն Ժոզէֆ, գեղագիտական մեծ հաճոյք պատճառելով հայ եւ օտար արուեստասէր հասարակութեան:

25 եւ 26 Սեպտեմբերին Թէքէեան Մշակութային Միութեան երիտասարդական նուագախումբը նոր լիցք մը հաղորդեց լիբանանահայ մշակութային կեանքին, արժանանալով արուեստասէր հասարակութեան բարձր գնահատանքին: Առաքելութիւնը իրականացած է, երթը պիտի շարունակուի վառ պահելու հանար հայ մշակոյթի ջահը:

Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Եութ Պէնտ»ի իւրաքանչիւր անդամին իր կատարած մեծ զոհողութեան համար այս դժուար պայմաններուն մէջ, առանց որու անկարելի էր հասնիլ այս ձեռնարկի յաջողութեան: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր սիրելի գեղարուեստական ղեկավարին՝ Վիգէն Չալեանին, որ ճիգ չի խնայեր երիտասարդներուն ընծայելու գեղեցիկի եւ ներդաշնակի ըմբռնումը եւ մեզի միշտ ներկայացնելու ամենալաւն ու ամենագեղեցիկը:

Վերջաւորութեան, «Եութ Պէնտ»ը կը վայելէ բարձր հովանաւորութիւնը Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնին եւ կազմակերպչական աշխատանքը Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան զորս կ՛ատենապետէ Տոքթ. Յակոբ Փափազեան:

Այս տարուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երկու  յաջորդական ելոյթներով՝ 25 եւ 26 Սեպտեմբեր 2021-ի Ռապուէի Յոյն Կաթողիկէ պատրիարքարանի «Ալ Լիքա» հանդիսասրահին մէջ, արուեստասէր հանդիսատեսներու ներկայութեան: Ելոյթներուն ներկայ գտնուեցան ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ քոյր հայկական մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նուագախումբի փողային եւ լարային գեղեցիկ համերգի կողքին, երեկոն փայլեցուցին երգիչներ Ալիս Իփրաճեան Թէքեան, Յովիկ Թաֆրանեան եւ Գարոլ էլ Հաժ: Ալիս ներկայացուց «Մայրը Սուրբ է» եւ «Ախ Տունս» մեներգները մեծ ապրումով: Յովիկ Թաֆրանեան ներկայացուց ազգային, աշուղական, արաբական եւ սիրային երգերու փունջ մը մեծ վարպետութեամբ: «Քամանչա», «Աշխարհի Ցաւով», արաբական ժողովրդային եւ դասական երգերն ու «Սիրուս Կը Սպասեմ» մաս կազմեցին իր երգացանկին: Գարոլ էլ Հաժ ներկայացուց արաբերէն «Ֆիքոն Թընսու», ֆրանսերէն «Լա Ֆուլ» եւ յունարէն «Ան Էյասի Էնա Ասթերի» երգերը բաւական գեղեցիկ ձեւով:

Ջութակի եւ փողային անհատական եւ խմբային երաժշտական կտորներու ներկայացումը իսկապէս գնահատելի էր:

Երկար դադարէ ետք Քորոնա ժահրի եւ Պէյրութի պայթումին պատճառներով, այս վերադարձը իսկսկան բարենիշ մըն է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տեղական Վարչութեան եւ Թէքէեան Հիմնադիրներու Մարմնին, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին այս երիտասարդներէ բաղկացած երաժշտական խումբը պահելու համար ոտքի:

Վարձքերնիդ կատար սիրելի երիտասարդ վարպետներ եւ համբերատար ու ժրաջան մաէսթրօ Վիգէն Չալեան: Դուք մեզի անգամ մը եւս առիթը տուիք վայելելու գեղեցիկը: Ապրիք դուք:: 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին