«Տարուայ Լաւագոյն Բժիշկ» Մրցանակաբաշխութեան Դափնեկիրներէն Է Ընկ. Տոքթ. Ճորճ Բարսեղեանը

Ա. Սփենթիարեանի անուան Երեւանի Օփերայի եւ Բալետի ազգային ակադեմական թատրոնի դահլիճին մէջ, 5 Սեպտեմբեր 2021-ին գնահատուեցան կեանքեր պարգեւող եւ կեանքեր փրկող բժիշկներն ու բժշկական հաստատութիւնները։
Համազգային Վստահութեան Խորհրդի կողմէն կազմակերպուած «Տարուայ լաւագոյն բժիշկ եւ Տարուայ լաւագոյն բժշկական հաստատութիւն» մրցանակաբաշխութիւնը ներկայացուցին Սոնա ՆաՃարեանն ու Աստղիկ բժշկական կեդրոնի վիրաբոյժ Հայկ Յարութիւնեանը:
Ուրախ ենք ծանուցելու, որ մրցանակաբաշխութեան դատական կազմը, հիմնուելով այս առիթով ի գործ դրուած ընկերաբանական հետազօտութեանց արդիւնքներու եւ փորձագիտական գնահատումներու վրայ արժանաբար «Տարուայ թերապեւտ» ընտրած էր Հայաստանի «Նայիրի» բժշկական կեդրոնի բժիշկ-թերապեւտ՝ ընկ. Տոքթ. Ճորճ Բարսեղեանը:
«Զ»