Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Արամ Գարատաղլեան Լիբանանի Կաթողիկէ Վարժարաններու Քարտուղարութեան Գործադիր Մարմնի Անդամ

Հինգշաբթի, 29 Յուլիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Լիբանանի Կաթողիկէ դպրոցներու կեդրոնատեղիին մէջ, տեղի ունեցաւ Լիբանանի Կաթողիկէ դպրոցներու քարտուղարութեան նոր գործադիր մարմնի անդամներու ընտրութիւնը:

Գործադիր մարմինը կը բաղկանայ ութ անդամներէ, որոնցմէ չորսը նշանակովի են. նշանակուողները կ’ըլլան այն դպրոցներու համախմբումներէն, որոնք ամենաշատ աշակերտներ ունին, իսկ միւս չորսը՝ ընտրովի: Այս խորհուրդը՝ գործադիր մարմինը, ուղղակի կ’օժանդակէ նորանշանակ ընդհանուր քարտուղարին :

Այս չորս անդամներէն, առաջին անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ հայ թեկնածու մը Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան ներկայացուցիչ եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ- Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Պրն. Արամ Գարատաղլեան: 

Նշենք Արամ Գարատաղլեան անդամ է միեւնոյն քարտուղարութեան ուսումնական յանձնախումբին, վերջերս նշանակուած էր նաեւ Կաթողիկէ Անկլոֆոն Դպրոցներու Ընդհանուր Համակարգող:

Յայտնենք, որ Լիբանանի Կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղարութիւնը կը համախմբէ Լիբանանի բոլոր Կաթողիկէ համայնքներու վարժարանները, որոնց թիւը կը հասնի 320-ի եւ անոնց աշակերտութիւնը՝ 180,000-ի:

Մեր ջերմագին շնորհաւորութիւնները:

«Զ.»
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին