Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Վարդան Հացունի

Վարդան Հացունի, կամ Հ. Վարդան Վ. Հացունի (Վարդան Սոմունճեան, 10 Յուլիս 1870, Պարտիզակ, Թուրքիա – 8 Յուլիս 1944), հայ բանասէր, ազգագրագէտ։

Ծնած է 1870 թուականին Սեբաստիոյ նահանգի Պարտիզակ (այժմ Պահչեճիկ) հայաբնակ աւանի մէջ։ Կրթութիւնը ստացած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ, ապա դարձած նոյն միաբանութեան անդամ։ Մօտ 40 տարի աշխատած է Մխիթարեաններու Միլանի, Կոստանդնուպոլսոյ, Վենետիկի եւ այլ քաղաքներու վարժարաններու մէջ՝ որպէս ուսուցիչ եւ տեսուչ։

Հիմնական Աշխատութիւնները կը վերաբերին հայ ժողովուրդի հին կենցաղին ու սովորոյթներուն։

  • Լուսաբանած է Հին Հայաստանի երդման առիթները, վայրերը, եղանակները եւ այլն, հետազօտած ուտեստեղէնը, վերլուծած Հայաստանի տարբեր դասերու օգտագործած ճաշատեսակները (անոնց կարգին նաեւ հոգեւոր ճաշատեսակները)։
  • Քննութեան առած է տարբեր եղած հայկական դրօշները (քաղաքացիական եւ եկեղեցական), ճշդած Արշակունեաց, Բագրատունեաց, Ռուբինեաններու, տարբեր իշխանական տուներու, զինուորական դրօշներու ձեւերը, գոյները, նշանները եւ այլն։
  • Ուսումնասիրած է Հին Հայաստանի կրթութեան, դաստիարակութեան զարգացումը։
  • Հանգամանօրէն ուսումնասիրած եւ վերլուծած է աշխարհիկ եւ եկեղեցական հանդերձներու զարգացումը, որ բաժնուած է 11 շրջանի՝ Ուրարտուէն մինչեւ 17-րդ դար։
  • Պատմութեան մէջ անդրադարձած է հայ կնոջ խաղացած դերին, լուսաբանած անոր գործունէութիւնը տարբեր ոլորտներով։
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին