Չորեքշաբթի, 17. 04. 2024

spot_img

Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս

Ընկ. Կարապետ Պապահէքեանի Յիշատակին Նուիրուած Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի Աւարտական Միացեալ Հանդիսութիւն

 

«Եւ այդ լոյսին, այդ յոյսի՛ն մէջ կը տեսնեմ, 

Բացուած ընդդէմ ովկիանէն ժանտադէմ, 

Հայ Հոգիին հողմակոծ ծա՛ռը վըսեմ…:»

Վահան Թէքէեան «Հայ Հոգիին»

2020-2021 տարեշրջանը դիմաւորեցինք մեծ յոյսերով եւ բազմապիսի նոր ակնկալիքներով, ինչպէս նաեւ շարունակուող «Քորոնա» պսակաձեւ ժահրով, որ կայծակնային արագութեամբ կը շարունակէ անդամալուծել աշխարհը, խառնաշփոթ վիճակի հասցնելով համայն ժողովուրդը: Աւելին, Լիբանանեան գետնի վրայ աւելցաւ ընկերատնտեսական ճգնաժամը, որ ազդեց նաեւ կրթական ոլորտին վրայ: Երկրին մէջ գործող վարժարանները, ներառեալ Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանը քայլ պահելու համար տեղի ունեցած վիճակին, ապահովելու համար անոր աշակերտներուն ուսման հեզասահ ընթացքը ապահով եւ տնային առողջ միջավայրին մէջ, շարունակեց առցանց դասաւանդման հարթակի օգտագործումը այս նոր ուսումնաշրջանին: Ուստի վերոնշեալ բանաստեղծին խօսքերը ապացոյց են տարուող անխոնջ աշխատանքներուն «հողմակոծ ծառը» փրկելու եւ անսասան պահելու համար: Աւելին, Օգոստոս 4-ին տեղի ունեցած Պէյրութի նաւահանգիստի հզօր պայթումը առ աւելի խորացուց առհասարակ Լիբանանցի ժողովուրդի կենսակերպի եւ ապրելակերպի իրավիճակը, որուն անմասն չմնաց երկրին հայ համայնքը: Ուստի, արտասովոր այս տարեշրջանը կը փակուի յաջող ընթացքով՝ մեծ ակնկալիքով, որ երկրէն ներս աստիճանաբար կը հաստատուի խաղաղութիւն եւ առողջ ապրելակերպ, գալիք տարեշրջանը սկսելու վարժարանիս վերանորոգուած դասարաններէ ներս:

Շաբաթ 3 Յուլիս 2021, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Յակոբ Պարսամեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի ամավերջի հանդիսութիւնն ու վկայականաց բաշխումը հովանաւորութեամբ վարժարանիս հոգաբարձութեան, ներկայութեամբ Ողբացեալ Ընկ. Կարապետ Պապահէքեանի դստրեր՝ Ազնուափայլ Տիկ. Ճէնի Պապահէքեանի եւ Տիկ. Սօսի Պապահէքեան Գալինճեանի, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի Ատենապետ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի եւ անդամներու, վարժարանիս Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանի եւ անդամներու, ուսուցչակազմին եւ շրջանաւարտ աշակերտներու ծնողներուն: Սոյն հանդիսութիւնը նաեւ սփռուեցաւ առցանց վարժարանիս դիմատետրի էջէն:

Լիբանանի, Հայաստանի ու Վարժարանի քայլերգները յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին «Քորոնա» պսակաձեւ ժահրի պատճառով կեանքէն առյաւէտ հեռացած Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի  հիմնադիրներէն՝ Ընկ. Կարապետ Պապահէքեանի, հոգաբարձութեան անդամ Ընկ. Տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեանի եւ երկարամեայ ուսուցչուհի Տիկ. Սիրուն Շալվարճեանի անթառամ յիշատակը, որմէ ետք հայագիտական նիւթերու ուսուցիչ Պրն. Աւետիս Տիպան Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի ողջ անձնակազմին անունով ներկաները ողջունեց Եօթանասունամեակի վկայականաց բաշխման հանդիսութեան առիթով որ կրեց Ընկ. Կարապետ Պապահէքեան սերունդ անունը:

Յարգելի ուսուցիչը իր բացման խօսքին ընդմէջէն անդրադարձաւ երկրին ու ժողովուրդին ապրած անսահման տագնապներուն, շեշտելով վարժարանի անձնակազմին տարած անտրտունջ եւ անխոնջ աշխատանքը յանուն աշակերտներուն կրթական ընթացքը վառ ու  շարունակական պահելու եւ յաղթական աւարտին հասցնելու համար, 2020-2021 տարեշրջանը գրեթէ անցընելով առցանց ուսուցմամբ, օգտագործելով արդի արհեստավարժութեան նորագոյն ծրագիրները: Ապա խօսքը աւելցնելով ըսաւ. «Կը հաւատանք, որ իւրաքանչիւր դժուարութիւն կարելի է յաղթահարել աննկուն կամքով, համբերութեամբ ու յարատեւ աշխատանքով: Վահան Թէքէեան Վարժարանը մնալով հոգեմտաւոր կրթադաստիարակչութեամբ վառ ու շէնշող օճախ, յարատեւօրէն դաստիարակած ու ջամբած է ազգային արժէքներով տոգորուած հարուստ հունձք, որոնք մեծապէս սատարած են հայապահպանման գործին՝ սփիւռքի տարածքին: Հետեւաբար, հայրենիքի կերտման մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունին ուսումն ու կրթութիւնը, որոնք պարզապէս սորվելու եւ ամբարելու համար չեն, այլ` մեր կեանքի զարգացման համար այն վերածելու ներդրումի եւ հետեւողական  հաստատական բարգաւաճման: »

            Բացման խօսքէն ետք վարժարանիս ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին գեղեցկաժիր պար մը հայրենի փոքրիկն երգչուհի՝ Լիտուշիկի կատարողութեամբ:

            Վերոնշեալ արարողութենէն ետք, տեղի ունեցաւ վարժարանիս շրջանաւարտներու՝ Մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի, Նախակրթարան  Զ. եւ Միջն. Գ. դասարաններու աշակերտութեան հպարտ քայլարշաւը ոգեւորիչ երաժշտութեան ներքոյ, որուն ընթացքին, անոնք վարդեր նուիրեցին իրենց սիրելի ծնողներուն: Սոյն արարողութենէ ետք, բեմին վրայ արտասանուեցան Ծաղիկ դասարանի աշակերտներու կողմէ հրաժեշտի յուզախառն ու յուսադրիչ խօսքեր, որուն յաջորդեց Անգլերէն լեզուով ուղերձը նախ. Զ. Դասարանի ընթացաւարտ՝ Փաթիլ Փափազեանի կատարմամբ, իսկ Միջն. Գ. դասարանի հրաժեշտի խօսքը Հայերէն լեզուով փոխանցեց շրջանաւարտ՝  Մարիամ Հաժ Ալի:  «Երբ կը հեռանանք, կը հաւատանք, որ վաղը, վստահաբար, մեր առջեւ պիտի պատնէշուին դժուար հանգրուաններ… սակայն, մեզի աւանդուած կամքի ու հաւատքի դասը, պիտի ուղղէ՛ մեզ՝ հասնելու համար լուսաւոր ապագային ու մենք պիտի գործնականացնենք  մեր խոստումները… յիշելով լուսաշող տաճար դարձած Վահան Թէքէեան վարժարանը:» երախտագիտութեան խօսքով արտայայտուեցան մեր սիրելի աշակերտները:

            Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանիս երկարամեայ տնօրէնուհի՝ Տիկ.  Կալինա Շեմեմեան Նաճարեանը փոխանցելու համար կրթական խօսքը:

            Ազնուափայլ Տնօրէնուհին իր խօսքի սկզբնաւորութեան անդրադարձաւ տիպար հօր, խոնարհ մարդու, հաւատարիմ եւ բարեխնամ ազգային գործիչի, օրինակելի եւ անխոնջ ղեկավարի,  Ընկ. Կարապետ Պապահեքեանի յիշատակին նուիրուած աւարտական միացեալ հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ արժանի յարգանքը մատուցելու ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի նախկին Ատենապետին, վարժարանիս երկարամեայ Հոգաբարձութեան նախկին Անդամին, որուն կեանքն ու բեղուն վաստակը խտացուեցաւ մէկ բառով՝ ՄԱՐԴ (գլխագիր մարդ) արժանավայել տիտղոսով: «Ընկ. Կարապետ Պապահեքեան՝ իր փոխանցած գաղափարներով, եղաւ Պէյրութի Վ.Թ.Վ.-ի մեծ ընտանիքին պատասխանատու անհատը, մշտարթուն պաշտպանը, որ անձնուիրաբար սատար հանդիսացաւ վարժարանիս առաքելութեան ու վերելքին: Միաժամանակ, իր վայելած հեղինակութեամբ, գաղափարական մեծ շտեմարանով, մտաւորական ղեկավարի փայլուն հմայքով նոր որակ տուաւ վարժարանիս» ըսաւ վարժարանիս տնօրէնուհին իր խօսքին մէջ: Ապա աւելցնելով ըսաւ. «Հետեւաբար, կ’արժէ որ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի մէջ հասակ առնող մատաղ սերունդը Ընկ. Կարապետ Պապահեքեանի բարի նկարագրով ճանչնայ ինքզինք եւ կարենայ շարունակել անոր ուղիով՝ հեռատես, հոգատար, հաւատարիմ, սկզբունքային ու հանդուրժող նկարագրով ծառայելու յանուն հայ ժողովուրդի ու հայրենիքի բարգաւաճման ու հզօրացման, եւ միեւնոյն ժամանակ զինուի արդի գիտելիքներով որպէսզի ապագային կարենայ դիմագրաւել կեանքի յառաջացուցած խոչընդոտները:» Ապա հակիրճ գիծերուն մէջ անդրադարձաւ բոլորին մօտ «Քորոնա» պսակաձեւ ժահրի պատճառով շարունակաբար յառաջացող մտահոգութեան, ի մասնաւորի մեր աշակերտներուն, որոնք դպրոցական վերջին 2 տարիներուն մեծապէս ազդուեցան այս համաշխարհային ճգնաժամէն: Սակայն շատ բան սորվեցան այս դժուար փորձառութենէն. այս վերջին արտասովոր մարտահրաւէրէն:  Շարունակելով խօսքը, ան արժեւորեց վարժարանիս եօթանասուն տարիներու ունեցած դերն ու վաստակը մասնաւորապէս Լիբանանահայ կեանքէն ներս, յոյս յայտնելով, որ անցնող տարեշրջանին շարունակելով առցանց դասաւանդման ուսումնաձեւը, վարժարանս կարողացաւ շարունակել եւ աւարտին հասցնել կրթական տարեշրջանը: Հետեւաբար, ան կոչ ուղղեց համայն թէքէեանցիներուն այս հաստատութիւնը հզօր պահելու, պատրաստելու համար ինքնավստահ, պահանջատէր ու գիտակից հայ անհատներ: Տնօրէնուհին իր խօսքին ընդմէջէն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան ու կը շարունակեն կանգնիլ վարժարանիս բարգաւաճման, ի մասնաւորի Լիբանանի ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնին իրենց հայրական մեծ սիրոյ եւ հոգատարութեան, ինչպէս նաեւ ԹՄՄ Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան անսահման գուրգուրանքին եւ կատարած իշխանական նուիրատուութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ շրջանցել վարժարանիս դիմագրաւած տնտեսական տագնապը: Ապա իր խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն քաջալերանքի խօսքեր յղելով բոլորին, որոնք անցնող տարեշրջանին ընկերատնտեսական եւ կրթական դժուարին պայմաններուն, կարողութիւնը ունեցան վառ ու բարձր պահել վարժարանիս 70 ամեայ ջահը եւ հիմնադիրներուն սուրբ նպատակի ծառայելու յանձնառութիւնը: Ազնուափայլ Տնօրէնուհին ցաւով անդրադարձաւ Օգոստոս 4 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի հզօր պայթումի հետեւանքներուն ըսելով. « Անցնող ամիսները Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի մեծ ընտանիքին համար եղաւ շատ դժուար՝ բարոյապէս եւ նիւթապէս: Կորսնցուցինք մեր սիրելիներէն՝ վարժարանիս հիմնադիրներէն ընկ. Կարապետ Պապահեքեանը, վարժարանիս հոգաբարձութեան անդամ ընկ. Տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեանը, ինչպէս նաեւ վարժարանիս վաստակաւոր ուսուցչուհի Տիկ. Սիրուն Շալվարճեանը: Թող Աստուած լոյսերու մէջ հանգչեցնէ իրենց հոգիները, արժանանալով երկնային արքայութեան: Օգոստոս 4-ին, խումբ մը ուսուցչուհիներ կ.ե. ժամը 3:00-ին կը վերադառնան իրենց տուները աւարտելէ ետք իրենց սահմանուած յաւելեալ աշխատանքները վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս: Եւ նոյն օրը, քանի մը ժամ ետք, երեկոյեան ժամը 6:07-ին հսկայական պայթում մը ցնցեց Պէյրութի նաւահանգիստը, որուն պատճառով ամբողջ մայրաքաղաքին մէջ իր արուարձաններով, վնասներ եւ աւերներ արձանագրուեցան: Նաւահանգիստն ու անոր շրջակայքը ամբողջութեամբ քանդուեցան՝ արձանագրելով մարդկային եւ նիւթական ծանր վնասներ: Տնտեսական ծանր տագնապ եւ ամբողջ աշխարհին նման »Քորոնա» համաճարակը դիմագրաւող լիբանանցին նոր ցնցում մը ապրեցաւ այս պայթումին իբրեւ հետեւանք: Հազար փառք, որ Վահան Թէքէեան Վարժարանի մեծ ընտանիքին անդամներս մնացինք անվտանգ, սակայն նաւահանգիստէն քիչ հեռու, Պուրճ համուտի շրջանը գտնուող Թէքէեան դպրոցն ու իր հիմնադրութեան օրէն վարժարանս հովանաւորող Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնը Ժմմէյզիի շրջանը հսկայական վնասներ կրեցին այս պայթիւնին:» Տնօրէնուհին՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի մեծ ընտանիքին անունով յաջողութիւն մաղթեց վարժարանիս շատ սիրելի ու ժրաջան քարտուղարուհիին՝ Տիկ. Քնար Քիւփճեանին, որ իր ընտանիքին հետ պիտի մեկնի հայրենիք: Ան անցնող 19 տարիներուն մեծ նուիրումով աշխատած է վարժարանիս մեծ ընտանիքին համար ու եղած «միշտ պատրաստ:»: Ինչպէս նաեւ բարի երթ մաղթեց վարժարանիս վաստակաշատ ուսուցչուհի՝ Տիկ. Շաքէ Տոմպուրեանին, ինչպէս նաեւ ընդհանուր հերթապահ Պրն. Սագապետոյեանին, որ քանի մը ամիս ետք պիտի մեկնի Լիբանանէն:

Վաստակաշատ Տնօրէնուհին յաջորդաբար յատուկ շնորհակալական խօսքերով պատուեց ԹՄՄ Ամերիկայի ու Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ Տէր եւ Տիկ Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններուն՝ իրենց կատարած իշխանական նուիրատուութեան, նաեւ վարժարանիս նեցուկ կանգնող բոլոր բարերարներուն, շրջանաւարտներուն ու բարեկամներուն, որոնք նուիրատուութիւններու կամ այլ տեսակի օժանդակութիւններու ճամբով, թիկունք կանգնեցան մեր դպրոցին եւ բոլորին նեցուկին շնորհիւ կարելի եղաւ շարունակել վարժարանիս յաղթական գոյերթը նամանաւանդ Օգոստոս 4-ի՝ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով յառաջացած հսկայական աւերէն ետք:

Խօսքի աւարտին, վաստակաշատ տնօրէնուհին ցաւով ակնարկեց իր պաշտօնի դադարեցման մասին ըսելով՝ «19  երկար տարիներ ծառայելէ ետք իմ սիրելի վարժարանիս՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին որպէս Գիտութեան ուսուցիչ եւ ապա 10  տարի որպէս տնօրէն: Այսօր, վերջին անգամ ըլլալով կը կանգնիմ ձեր առջեւ հրաժեշտ տալու ձեր բոլորին՝ աշակերտ-ծնողք-պաշտօնէութիւն-պատասխանատու, որովհետեւ Լիբանանի վերջին տարիներու դաժան պայմաններու հետեւանքով մօտ օրէն ընտանիքիս հետ կը մեկնիմ Լիբանանէն, սակայն հոգուով, սրտով եւ միտքով միշտ պատրաստ աջակցելու եւ կարելիութեանս սահմաններուն մէջ օժանդակելու իմ սիրելի դպրոցիս:»

            Կրթական խօսքին յաջորդեց ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի Ատենադպրուհի Տիկ. Անի Լաչինեան-Մակարեանի սրտի խօսքը, ուր ան ջերմօրէն լուսաբանեց եւ գնահատեց վարժարանիս տարած բեղուն գործունէութիւնը, կարեւորեց վարժարանիս ողջ անձնակազմին ցուցաբերած քրտնաջան աշխատանքը, մանաւանդ մատնանշելով վարժարանիս վաստակաշատ տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Շեմեմեան Նաճարեանի ներբերած բազմավաստակ եւ անխոնջ աշխատանքը, զինք պարգեւատրելով ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի կողմէ պատրաստուած յատուկ գնահատանքի վահանակով, որուն յանձնումին մասնակցեցաւ նաեւ Հիմնադիրներու Մարմնի Ատենապետ՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանը եւ վարժարանիս Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանը: Սոյն արարողութենէ ետք, Տիկ. Լաչինեան մեծ ուրախութեամբ ներկաներուն շնորհեց վարժարանիս նորանշանակ տնօրէնուհի, վարժարանիս բծախնդիր երիտասարդ ուսուցչուհի Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան-Տարագճեանին, որ ձեռնհասօրէն պիտի վարէ վարժարանիս տնօրէնութիւնը յաջորդական տարեշրջաններուն:

Հուսկ, տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութիւնը, որուն ընթացքին յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան Ազնուափայլ՝ Տիկ. Ճէնի Պապահէքեան, Տիկ. Սօսի Պապահէքեան Գալինճեան, Թ.Մ.Մ Հիմնադիրներու Մարմնի Ատենապետ՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեան, Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան, վարժարանիս Տնօրէնուհին, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտ կարգերու դաստիարակներուն՝ Մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Վերա Հաննա, Տիկ. Ռիթա Թամուկեան (դաստիարակ Նախ Զ. Դասարանի) եւ Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան-Տարագճեան (դաստիարակ Միջն. Գ. դասարանի), ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, որուն յաջորդեց յատուկ անակնկալ պատրաստուած վարժարանիս հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ, ուր ծաղկեփնջեր յանձնուեցան երեք պաշտօնեաներու՝ վարժարանիս երկարամեայ վաստակաշատ քարտուղարուհի Տիկ. Քնար Քիւփճեանին, մանկապարտէզի ժրաջան ուսուցչուհի Տիկ. Շաքէ Տոմպուրեանին եւ վաստակաշատ ընդհանուր հերթապահ Տիար Յակոբ Սագապետոյեանին, առ ի գնահատանք իրենց տածած անտրտունջ աշխատանքին ու բեղուն գործունէութեան համար վարժարանէս ներս:

            Լուսաշող ապագայ կը մաղթենք մեր շրջանաւարտներուն: Բարի երթ ու յարատեւ վերելք Ադամանդեայ Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանին, որ բազում դժուարութեանց եւ զոհողութիւններու կը մնայ ճակատաբաց՝ նուաճելով փառահեղ բարձունքներ:

Վարձքը կատար բոլորին:

                            Վահան Թէքէեան Վարժարանի

                                                                              Լրատուական Գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին