Երեքշաբթի, 23. 04. 2024

spot_img

Լիբանանի Ախոյեան եւ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Մարզիկ Անթուան Քասիս Լիբանանը Պիտի Ներկայացնէ Սոչիի Մէջ Տեղի Ունեցող Աշխարհի Բաժակի Մրցումներուն

Իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով,   Լիբանան պիտի մասնակցի  ճատրակի աշխարհի  բաժակի մրցումներուն:

Մրցաշարքը տեղի պիտի  սկսի  12 Յուլիս  2021-ին, 208  միջազգային կարգի  մարզիկներու մասնակցութեամբ,  Սոչիի  մէջ, Ռուսիա:

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ  ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  միջազգային կարգի վարպետ Անթուան Քասիս Լիբանանը պիտի ներկայացնէ  սոյն  մրցաշարքին:  Անթուան  Քասիսի  մրցակիցը բաժակի առաջին փուլի մրցումներուն պիտի  ըլլայ  Ուքրանիոյ ախոյեան, միջազգային կարգի   մեծ վարպետ Եուրի Քոզոփովը:

Անթուան Քասիս 2019 թուականին շահեցաւ  Լիբանանի ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսը: Ան, սոյն տիտղոսը   նաեւ  շահած է 1995-ին: Քասիս՝ 2001,2004,2006,2010-ին,  չորս անգամ   շահած է  արագ  ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսը: Ան մասնակցած է     բազմաթիւ  միջազգային  եւ ողիմպիական  մրցաշարքերու:  Քասիս,  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի կազմին   հետ  2017-ին շահեցաւ կայծակնային ճատրակի  Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսը:

 Նախքան  Սոչի   մեկնիլը,  Անթուան Քասիս,  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ակումբին մէջ  հանդիպում մը ունեցաւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի եւ  Ճատրակի Լիբանանի ֆետերասիոնի փոխնախագահ,  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի   Գործադիր վարչութեան անդամ Տիգրան Զէյթճեանի հետ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց   իրեն ցուցաբերուած  հոգատարութեան եւ վստահութեան, խոստանալով իր կարելին կատարել  փայլուն  պահելու Լիբանանի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի անունը: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ականներու անունով  Վիգէն Չերչեան եւ   Տիգրան Զէյթճեան  յաջողութիւն  մաղթեցին  Անթուան Քասիսին

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին