Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Հերմինէ Ասատուր

Ասատուր Հերմինէ (26 Յունիս 1914, Ռուսէ, Պուլկարիա – անյայտ), դաշնակահարուհի:

Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Կ.Պոլիս Հայ Կղզւոյ Ազգային դպրոցը, այնտեղէն իր ծնողացը հետ Պուլկարիա վերադառնալով մտած է Լօվէժի Ամերիկեան գոլէճը ուրկէ փայլուն վկայականով մը ընթացաւարտ եղած է շատ մատաղատի հասակին մէջ:

Կ.Պոլիս գտնուած միջոցին 8 տարեկան հասակին մեծ փափաք ունեցած է նուագի: Այս ճիւղին մէջ իր առաջին դաստիարակուհին եղած է Սիրաքեան Հայ-Կղզիէն, որը տեսնելով փոքրիկին նուագի հանդէպ ունեցած տաղանդը յանձնարարած է որ չընդհատեն դասերը եւ Պուլկարիա վերադառնալուն յանձնեն զայն լաւ ձեռքերու մէջ:

Հերմինէ Ամերիկեան գոլէճը լրացնելէ վերջ մէկ տարի Սոֆիայի մէջ մասնաւոր դասընթացքի հետեւած է փրոֆ. Բէլէշէքի մօտ եւ յետոյ քննութեան ներկայանալով ընդունուած է գօնսերվաթուարը, ուրկէ իր ընդունակութեանը շնորհիւ 3 տարիէն (1935-ին) շրջանաւարտ եղած է բազմաթիւ ուսանողուհիներու մէջ առաջին հանդիսանելով, իր անդրանիկ նուագահանդէսը տուած է Զինուորական Ակումբի սրահին մէջ նախարարներու, փրոֆեսորներով ներկայութեանը արժանանալով առաջնակարգ վկայականի եւ բազմաթիւ ծաղկեփունջերու:

Հերմինէ Ասատուր դաշնակի ճիւղը կատարելագործած է Վիեննայի մէջ նշանաւոր փրոֆեսորներով մօտ, եւ Պուլկարիա դպրոցին Սոֆիայի մէջ մէկէ աւելի անգամներ նուագահանդէս սարքած է ի նպաստ կարօտ ուսանողներու:

Պուլկար ազգը կը ճանչնայ այլեւս այդ տաղանդաւոր հայուհին, որովհետեւ շատ անգամ գրուած է իր մասին թերթերու մէջ եւ լուսանկարն ալ հրատարակուած: Օր. Հերմինէ Ասատուր բացի երաժշտութենէն եւ մայրենի լեզուէն՝ տիրացած է Ֆրանսերէն, գերմաներէն, պուլկարերէն եւ անգլերէն լեզուներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին