Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Օտար Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Առատաձեռն Պատը . . .

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Օքլահոմա նահանգի Մայամի քաղաքէն, որ ունի 13,000 բնակչութիւն։ Գաղտնիք մը չէ որ Պսակաձեւ Ժահրի համաճարակին պատճառաւ անգործութիւն տիրեց ամէնուրեք։ Անգործութեան հետ զուգահեռ ընթացաւ նաեւ աղքատութիւնը, որ աւելի տիրական դարձաւ փոքր քաղաքներուն մէջ։

Ինչպէս ամէն տեղ, վերոյիշեալ քաղաքին մէջ ալ կան շատ մը տնազուրկ մարդիկ, որոնք փողոցները կը քնանան եւ մուրացկանութեամբ կը հոգան իրենց սնունդի պէտքերը։

Վերադառնալով մեր խնդրոյ առարկայ քաղաքին, հոն կան նաեւ ունեւոր մարդիկ որոնք գիտակցելով քաղաքի չքաւոր մարդկանց գոյութեան, որոշած են օգնել անոնց, հետեւեալ ձեւով։ Այդ փոքր քաղաքին մէջ կը գործեն երկու ճաշարաններ, Zack’s Café եւ The Dawg House.

Ուրեմն, քաղաքի բարեկեցիկ մարդիկ՝ վճարելով տասը տոլար, ստացագիրը կը փակցնեն ճաշարանի պատին (տես նկարը) եւ մատչելի կը դարձնեն զայն չքաւոր կամ տնազուրկ մարդկանց։

Աղքատ, անօթի մարդը կու գայ ճաշարան եւ ստացագիրը պատէն առնելով կը ներկայացնէ զայն ճաշարանի տիրոջ, որ կ՛սպասարկէ պնակ մը ճաշ, առանց աւելորդ հարց ու փորձի . . . Այս ձեւով, ձրի կերակուր ուտողին արժանապատուութիւնը չի վիրաւորուիր, չէ՞ք խորհիր!

The Dawg House-ի ճաշարանատէր Ճէնիֆըր Ուայթ հպարտութեամբ դիտել տուած է որ ցարդ իր ճաշարանը տրամադրած է 600 ձրի պնակ ճաշ՝ չքաւոր մարդոց, որոնք հովանաւորուած են իր ունեւոր յաճախորդներուն կողմէ։ Մարդիկ կան՝ աւելցուցած է ճաշարանատէրը, որոնք տասէն մինչեւ յիսուն ճաշի գին վճարած են այս մարդասիրական գործին համար։

Այդ ճաշ հայթայթողներէն մին՝ 32 տարեկան գործատէր մը, յայտարարած է որ ոչ ոք ճնշած է իրենց վրայ, այլ ամբողջ գաղութը միասնականութեամբ մասնակից դարձած է այս օգտակար գործին։

Իսկ քաղաքապետ Պլէս Փարքըր իր կարգին օգնած է՝ փոթորիկի ժամանակ, որ տնազուրկերը կարենան ապաստանիլ պանդոկներու մէջ, ուր իրենց ճաշ եկած է տեղւոյն ճաշարաններէն։ Իսկապէս բարեսիրական իտէալ գաղափարներով տոգորուած ըլլալ կը թուի այս փոքրիկ քաղաքին բնակչութիւնը։ Իցի՜ւ թէ վարակիչ ըլլար այս ժեսթը բոլորին համար։

Անհաւատալի, Բայց Իրաւ . . .

Բոլորս ալ լաւ գիտենք որ սովորական մարդը բնականօրէն ունի 32 ակռաներ, որոնց 4-ը կը կոչուին ուշիմութեան ակռաներ եւ անոնք շատ անհրաժեշտ չըլլալով՝ շատեր կանուխէն հանել կու տանք զանոնք։

Հնդկաստանի մէջ երկու դէպքեր պատահած են, ուր եօթը տարեկան փոքրիկ մը եւ տասնըեօթը տարեկան պատանի մը ունեցած են սովորականէն շատ աւելի մեծ թիւով ակռաներ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ թէ որոնք են անոնք եւ որքան է անոնց ակռաներուն թիւը։

Դէպքերէն մին պատահած է 2014 թուականին, Հնդկաստանի Մումպայ քաղաքին մէջ։ Տասնըեօթը տարեկան պատանի մը ունեցած է 232 ակռաներ եւ անոր աւելորդ ակռաները հանելու վիրաբուժական բարդ գործողութիւնը տեւած է եօթը ժամ։

Իսկ երկրորդ դէպքը՝ որ պատահած է 2019 թուականին, Հնդկաստանի արեւելեան մասի Չընայ (Chennai) քաղաքին մէջ, աւելի հետաքրքրական է։ Եօթը տարեկան փոքրիկ մը երեք տարեկան հասակէն ի վեր կը տառապի եղեր ակռայի ցաւէն։ Վերջապէս անոր ծնողքը դիմած է ատամնաբուժի մը որ X ճառագայթ գործածելով երեւան հանած է որ (տես նկարը)  փոքրիկը ունի 526 ակռայ . . .

Անոր ակռաներուն ամենէն պզտիկին չափն է 0.1 միլիմեթր, իսկ ամենէն մեծինը՝ 3 միլիմեթր։ Վիրաբուժական նուրբ եւ բարդ գործողութենէ մը ետք՝ որ տեւած է երկու ժամ, փոքրիկը (տես նկարը) ապաքինման համար երեք օր մնացած է հիւանդանոցին մէջ։ Այժմ ան ունի 21 ակռայ եւ այլեւս ակռայի ցաւ չունի։ Բայց ինծի համար գոնէ հարցական է թէ ինչո՞ւ սովորական մարդու մը նման՝ 24 ակռայ չունի ան։

Հարցական է նաեւ թէ ինչո՞ւ այդ երեխան կանուխէն ատամնաբուժի չեն տարած, երբ ան սկսած է գանգատիլ ակռայի ցաւով։ Թերեւս ծնողքին անհոգութիւնն է եւ կամ ալ անոնց տգիտութիւնը, ո՞վ գիտէ . . .  

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին