Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Երեք Դպրեվանեցիներու Կը Շնորհուի Սարկաւագական Կարգ

Ձեռնադրութեան ճամբով, եկեղեցին Սուրբ Խորանի սպասարկողներուն կը պարգեւէ եկեղեցական կարգերը, որոնք կը տրուին յատուկ արարողութիւններու ճամբով։ Կիրակի, 13 Յունիս 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, դպրեվանեցի երեք կիսասարկաւագներ՝ Նշան Անտրեան, Հրակ-Անդօ Գրտանեան եւ Յակոբ  Ճուլֆայեան, ստացան հայ եկեղեցւոյ երեք հիմնական կարգերուն առաջինը՝ սարկաւագութիւնը։

Արդարեւ, Ս. Աթոռիս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ, սարկաւագական ձեռնադրութիւնը կատարեց Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը: «Զի ողորմած» աղօթքի աւարտին, խարտաւիլակ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի ուղեկցութեամբ, ընծայեալները սաղմոսներու եւ աղօթքներու ընկերակցութեամբ ծնկաչոք յառաջացան Ս. Խորան՝ աշխարհէն հրաժարում կատարելով: Ապա, անոնք ստացան ծառայութիւնը խորհրդանշող Ս. Ուրարը ձախ ուսէն կրելու քաղցր լուծը, ինչպէս նաեւ՝ Ս. Աւետարանը ժողովուրդին կարդալու հրաւէրն ու բուրվառի անոյշ բոյրով եկեղեցին պարուրելու իրաւունքը։

Յաջորդիւ, ձեռնադրիչ սրբազանը յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ սարկաւագներուն ուղղեց իր խրատական խօսքը։ Իր խօսքին (Սղ 16.8) մէջ, սրբազան հայրը անդրադարձաւ ներկայ ժամանակներուն սարկաւագական կարգին ու անոր կարեւորութեան եւ հրաւիրեց նոր սարկաւագները ուրախութեամբ մասնակցելու հայ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութեան։ Սրբազանը յորդորեց զանոնք, որ ուսումնառութեան տարիներուն եւ աւելի ուշ անոնք իրենց անձերը կերտեն ազգային, հոգեւոր եւ Դպրեվանքի արժէքներով թրծուած եւ այդ արժէքները թարգմանեն իրենց շրջապատին մէջ եւ վերջապէս, Ս. Ստեփանոսի ինքնընծայումի գերազանց օրինակին հետեւելով՝ գործեն Աստուծոյ փառքին եւ մեր ժողովուրդի յառաջդիմութեան համար:

Այս առիթով, ձեռնադրիչ սրբազանը իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետը՝ անոր անվերապահ հոգատարութեան համար, շնորհաւորեց Դպրեվանքի տեսչութիւնը, ուսուցչական կազմը, ծնողներն ու մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով, որ մշտանորոգ երթին մէջ երիտասարդ ոյժերու ծաղկումը դառնայ յոյսի աղբիւր եւ վերակենդանութեան նշան:

Աւարտին, նորընծաները ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին