Տեսանկիւն
Հայաստանի մէջ արտահերթ ընտրութիւններու օրակարգով, այսօր՝ լռութեան օր է: Վաղը՝ ընտրութեան: Իր թմբիրէն զարթնած Հայու՝ գիտակից ընտրութեան օրը:
Հայ ժողովուրդը սեւի եւ սպիտակի բաժնած, պատերազմ պարտուած, հազարաւոր հայորդիներու արիւնահեղումին պատճառ հանդիսացած եւ հողեր զիջած ու զիջող կողմը պէտք է հասկնայ, որ վաղը հաշուետուութեան օր է: Հայ ժողովուրդը չի կրնար այս մարդոց՝ իր ապագան որոշելու իրաւասութիւն եւ լիազօրութիւն տալ դարձեալ:
Պիտի երթայ այս անբարոյ եւ ապիկար իշխանութիւնը: Իր համար աւելի լաւ է երթալ առանց բախումներու հրահրումի: Առանց յաւելեալ արիւնի եւ քաոսի: Մինչ եկողը՝ պէտք է գայ յաղթողի վեհանձնութեամբ: Հեռու վրիժառութենէ եւ քինախնդրութենէ:
Ի վերջոյ, վաղը պիտի յաղթէ արժանապատիւ Հայ ազգը ու վերջապէս փակուի Հայ ժողովուրդին դառն փորձառութիւն հանդիսացած՝ վերջին երեքամեայ պատմական թիւրիմացութիւնը:
Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ վերջապէս պիտի փակուի «թուխով»-ի անհեթեթ ու կործանարար էջը ու բացուի «խելքով»ի ողջամիտ ու շինարար նոր էջ:
Վասն Հայրենեաց: