Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Տիգրան Պետրոսեան

Տիգրան Վարդանի Պետրոսեան (17 Յունիս 1929, Թիֆլիս, Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն – 13 Օգոստոս 1984, Մոսկուա, Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն), սովետական հայ ճատրակի մեծ վարպետ, 1963-1969 ճատրակի համաշխարհային ախոյեան։ Ան «Տիգրան Երկաթ» կոչուած է՝ իր պաշտպանական խաղի գրեթէ անխորտակելի բնոյթին համար, ուր ապահովութիւնը գերակայ նշանակութիւն ունէր։

Պետրոսեան չորս անգամ Խորհրդային Միութեան ախոյեան եղած է (1959, 1961, 1969 եւ 1975), իսկ ութ առիթներով՝ ճատրակի ախոյեանութեան թեկնածու (1953, 1956, 1959, 1962, 1971, 1974, 1977 եւ 1980 թուականներուն)։ Ան աշխարհի ախոյեանութիւնը կը շահի 1963-ին (ընդդէմ Միխայիլ Պոթվիննիքի)։ 1966-ին իր տիտղոսը Պորիս Սփասքիի դէմ յաջողութեամբ պաշտպանելէ ետք, 1969-ին ան պարտութեան կը մատնուի նոյն հակառակորդին կողմէ։ 1971-1980 թուականներուն կը շարունակէ աշխարհի ախոյեանութեան պայքարը մղել։ ԽՍՀՄ հաւաքականի կազմին մէջ 9 անգամ կը յաղթէ ճատրակի ողիմպիականին։

Պետրոսեանի երեսնամեայ ներկայութիւնը համաշխարհային բեմահարթակին վրայ եւ իր ախոյեանութեան տարիները մեծ դեր կ’ունենան ճատրակի ժողովրդականութիւնը տարածելու ու ամրապնդելու գործին մէջ։ Ըստ 2004-ին հրատարակուած գիրքի մը հեղինակներուն, ան ճանչցուած է իբրեւ ամենադժուար յաղթուող ճատրակորդը՝ ճատրակի պատմութեան մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին