Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Լիբանան Աւելի Եւս Կ՛ընկղմի Քաղաքական եւ Տնտեսական Ճգնաժամի Անել Ճահիճին Մէջ

Կառավարութեան կազմութեան վերջին յոյսերն ալ ի դերեւ ելլելէ ետք, ամէն բան ցոյց կու տայ, որ Լիբանան արագ կերպով կ՛ընկղմի անել ճահիճի մէջ, որուն որպէս հետեւանք շուտով կրնայ ամբողջական բլուզում ապրիլ:

Այս մասը աւելի եւս շեշտուեցաւ երէկ երբ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնն ալ ձախողեցաւ մինչ մէկ ամերիկեան տոլարին գինը աննախընթացօրէն հասաւ 16000 լիբ. ոսկիի սահմանները, աւելի քան տասնապատիկ արժեզրկումով մը նուազ քան երկու տարուայ ընթացքին:

Այսօր աշխատաւորական սենտիքաներու հրաւէրով գործադուլ յայտարարուած է, որուն պիտի մասնակցի դրամատնային համակարգը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին