Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Երբ Աստուծոյ Մարդը Խօսի

Եկեղեցին Հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն
Զրահանդերձ է փայլուն, մինչ իր խաչերն են դաշոյն
Եւ զանգակներն են բոմբիւն եւ երգն է միշտ յաղթութիւն…

Վահան Թէքէեան

«Նիկոլ Փաշինեանի հոգեւոր ու հոգեկան առողջութեան համար պէտք է շարունակ աղօթել ու գործել, որ նա հեռանայ իշխանութիւնից եւ հնարաւոր առանձնութեան մէջ յաղթահարի իր ներքին ողբերգութիւնը եւ հոգեբանական, ես կ՛ասէի՝ հոգեւոր ճգնաժամը: Այս մասին քանի մը օր առաջ 168.am-ի հետ իր զրոյցին ընթացքին  ըսաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Գերաշնորհ Տ. Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեանը։

Հակառակ Մայր Աթոռէն հնչող զսպուածութեան կոչերուն՝ Նիկոլ Փաշինեանը իր նախընտրական անյոյս քարոզարշաւի ծիրէն ներս կը շարունակէ քննադատութեան սլաքներ պարբերաբար ուղղել Հայ Առաքելական եկեղեցիին ու եկեղեցականներուն, որ նոր երեւոյթ մը չէ անշուշտ այս փոփուլիստ արկածախնդիրին համար: Ան իր այսպէս կոչուած յեղափոխութենէն իվեր չդադրեցաւ թիրախաւորել Մայր Աթոռը: Տուեալներ ունինք, որ կատարուածը յատուկ յանձնարարական էր արեւմտեան երկրի մը պետական բաժանմունքէն (այս մասին յետոյ), որ ի պատիւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի անզուգական գահակալին կուռ եւ խիզախ կեցուածքին վիժեցաւ իր սաղմին մէջ իսկ:

Արշակ սրբազանը իւրայատուկ անդամն է Մայր Աթոռի միաբանութեան: Ան յայտնի է իր հզօր խելքով եւ իր շատ դիւանագէտ ու հեռատես անձնաւորութիւն մը ըլլալու յատկանիշներով:

Սրբազանը, որպէս Աստուծոյ մարդը, իր պաշտօնին պարտադրած ինքնազսպումի իրավիճակէն արդարացիօրէն դուրս գալով Նիկոլի մասին բացէ ի  բաց սկսաւ խօսիլ մանաւանդ 44-օրեայ Արցախի պատերազմէն յետով, երբ բարկութիւնը  գագաթնակէտին հասաւ:

Սրբազանին կեցուածքները սակայն կու գան շատ աւելի կանուխ օրերէ՝ 2018-էն, երբ նորաբոյս ազգադաւ մարդուկներ փորձեցին Հայոց Ս. եկեղեցին արժեզրկել:

Արշակ Սրբազանը  այդ օրերէն իր մէջ բնականաբար կուտակած էր իր արդար բարկութիւնը ու հիմա ալ արդեն բացայայտ եւ Աստուծոյ մարդու արդարամտութեամբ եւ խիզախութեամբ կը խօսի:

Մայր Աթոռի դիւանապետը Հայ ժողովուրդին համար այս ճակատագրական պահուն նման է բերդապահ սպարապետի: Ան պահապան զինուորն է, առիւծն է, ամէն ինչ է, երբ խօսքը Եկեղեցիին անսասանութեան կը վերաբերի:  

Զօրավարին ամրոցին վրայ յարձակում կայ: Ան իր ամբողջ ուժերով կը պաշտպանէ իր Եկեղեցին ու ժողովուրդը եւ մենք վստահ ենք, որ ինք  ոչ մէկուն կ՛արտօնէ անոր պարիսպէն ներս մտնել:

Մենք վստահ ենք հայ ժողովուրդին շատ թանկ արժած Նիկոլ կոչուող չարաբաստիկ երեւոյթը՝ այս պատմական թիւրիմացութիւնը, շուտով պիտի նետուի պատմութեան աղբանոցը, իր ետին ցաւօք ձգելով դժուար բուժելի վէրքեր:

Սակայն «Եկեղեցին Հայկական» պիտի մնայ ամուր շնորհիւ իր քաջ սպասաւորներուն: ԶԱՐԹՕՆՔ-ի առաջին խմբագրապետին իսկ խօսքերով՝ անոր սկիհին մէջ պիտի շարունակէ իջնել Ինքը՝ Աստուած, որուն առջեւ մեր ազգը ամբողջ, պիտի միշտ հաղորդուի իր անցեալին հաց ու գինիովը կենսառողջ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին