Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Մինի Ֆութպոլ. Լիբանանի Առողջապահութեան Նախարարը Պաալպէքի Մէջ Դիմաւորեց ՀԵԸ Անդրանիկի Մարզիկները

Լիբանանի Մինի Ֆութպոլի  Բարձրագոյն  Լիկայի ախոյեանութեան նախապատրաստութիւններուն  ծիրին մէջ,  Կիրակի, 30 Մայիս  2021-ին,  ՀԵԸ Անդրանիկ դարձաւ Պաալպէք Սփորթ Գլապի  հիւրը:

 Մեր  մարզիկները,  մարզիչ Գոգօ Ալլոզեանի  գլխաւորութեամբ օթոպիւսով մեկնեցան Պաալպէք:  Այնտեղ, անակնկալ մեր մարզիկներուն, Պաալպէք   Սփորթ Գլապի պատասխանատուներուն  հետ զիրենք դիմաւորեց  Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանը:  Մեր մարզիկները  ջերմ  ընդունելութեան  արժանացան Պաալպէքի մէջ, դառնալով   հիւրընկալ ակումբին  կէսօրուան  ճաշի հիւրը:

 Նախքան մրցումը, նախարար Համատ  Հասան, խօսք առնելով  դրուատեց  Լիբանանի մարզական կեանքին մէջ ՀԵԸ Անդրանիկի նուաճումները եւ  նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց մեր մարզիկներուն:

 Բարեկամական մթնոլորտի մէջ կայացած  հանդիպումը ՀԵԸ  Անդրանիկի  յաղթանակով աւարտեցաւ՝  7-6:

 Մեր մարզիկները բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան Պէյրութ:

Այս  ջերմ  ընդունելութեան առթիւ  մեր   ջերմագոյն   երախտագիտութիւնները առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանին եւ  Պաալպէք   Սփորթ Գլապի   պատասխանատուներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին