Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

«Երիտասարդութիւնը Պէտք Է Համախմբենք Համազգային Արժէքներու Ու Ձգտումներու Շուրջ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Յանձնախումբին, Ուրբաթ, 14 Մայիս 2021-ի երեկոյեան, երիտասարդական խորհրդակցական առցանց հանդիպում մը կայացաւ։ Հանդիպման իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին զանազան թեմերէ եւ շրջաններէ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամ միաբան հայրեր։

Վեհափառ Հայրապետին աղօթքէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց Երիտասարդական Յանձնախումբի ատենապետ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը։ Ողջունելով երիտասարդներուն մասնակցութիւնը՝ ան ակնարկ մը նետեց 2019 թուականին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացած խորհրդակցական հանդիպման վրայ եւ յայտնեց, որ թագաժահրին ստեղծած պայմաններուն պարտադրանքով դժբախտաբար չկարողացանք իրագործման ընթացքի մէջ դնել զայն։ Ուստի, ներկայ պայմաններու լոյսին տակ հարկ է մեր ծրագիրը յառաջ տանիլ ու իրագործել։ Իր խօսքի աւարտին, սրբազանը հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը՝ իր օրհնութիւնն ու պատկերացումները փոխանցելու եւ աշխատանքին ընդհանուր ուղղութիւն մը տալու։

Վեհափառ Հայրապետը հայրական սիրով ողջունելէ ետք երիտասարդները՝ իր գոհունակութիւնը յայտնեց նման հաւաքի մը կազմակերպման, երիտասարդներուն հետ ըլլալու եւ մանաւանդ զիրենք լսելու։ Ան յիշեցուց, թէ երիտասարդութիւնը թէ՛ մեր եկեղեցւոյ, թէ՛ հայրենիքին, թէ՛ մեր գաղութներուն եւ թէ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ կոչուած է աւելիով ներկայութիւն դառնալու, որովհետեւ, ինչպէս յաճախ կը շեշտենք, երիտասարդութիւնը մեր ներկան է եւ ո՛չ միայն մեր ապագան եւ չենք կրնար մեր ապագան կերտել առանց երիտասարդութեան գործօն ներկայութեան ու ներդրումին մեր կեանքէն ներս։

Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին հետ քայլ պահելու հրամայականէն մեկնելով՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ այլեւս աւանդական դարձած մեր կառոյցները, իրենց զմրսուած մտածումներով ու կաղապարուած մօտեցումներով, սկսած են անշնչելի դառնալ մեր երիտասարդներուն համար։ Հետեւաբար, մեր ազգային թէ եկեղեցական կեանքի վերանորոգման գործընթացին մէջ երիտասարդութիւնը կարեւոր պատասխանատուութիւն ունի, ինչպէս նաեւ իրաւունք ու պարտաւորութիւն՝ իր ըսելիքը ըսելու եւ գործօն մասնակցութիւն բերելու։

Եզրափակելով իր խօսքը՝ Հայրապետը ըսաւ, թէ ներկայ աշխարհը կը փորձէ ֆորումներու ու տիալոկներու ճամբով զանազան մարզերու առնչուած մարդուժը ի մի համախմբել. սակայն մեր պարագային, անիկա տեսական կամ պարագայական պէտք չէ ըլլայ, այլ հիմնական արժէքներու, սկզբունքներու ու ձգտումներու շուրջ պէտք է ըլլայ։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքէն ետք առանձին ձգեց հաւաքի մասնակից երիտասարդները, որպէսզի ազատօրէն կարենան իրենց տեսակէտները պարզել։

Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի եւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանի զեկոյցներէն ետք տեղի ունեցաւ ծրագիրի քննարկում՝ առաջնորդութեամբ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի։ Երիտասարդները աշխոյժ մասնակցութիւն բերին քննարկումներուն՝ իրենց մտահոգութիւնները ու սպասումները փոխանակելով՝ հայ կեանքէն ներս երիտասարդութեան առանցքային դերը առաւել եւս շեշտելու նպատակասլաց մօտեցումով։

Յայտնենք, որ նման քննարկումներ պիտի շարունակուին Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին