Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Միքայէլ Արամեանց

Միքայէլ Արամեանց (4 Մայիս 1843, Քյաթուկ – 1924, Թիֆլիս, Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն), 19-րդ դարու թիֆլիսաբնակ հայ ձեռնարկատէր, նաւթարդիւնաբերող, մեծ բարերար եւ հասարակական գործիչ։

Թիֆլիսի «Ազգային բարեգործական ընկերութեան» հիմնադիր։ Ալեքսանտր Մանթաշեանի մտերիմ ընկեր եւ գործընկեր։ Մանթաշեանի հետ Պաքուի մէջ կը զբաղեր քարիւղարդիւնաբերութեամբ եւ առաջիններէն եղած էր, որ իր կապիտալի մեծ մասը տեղափոխեց Պաքու՝ քարիւղը երկաթուղիով, սիթերններով տեղափոխելու համար։

Միքայէլ Արամեանցը ծնած է Արցախ, 1843 թուականին:

Ներսիսեան դպրոցի մշտական հոգաբարձուն ու հովանաւորը եղած է։ Աջակցած է Թիֆլիսի նշանաւոր «Արամեանցի հիւանդանոցին» (ներկայիս՝ Թիֆլիսի թիւ 1 բուժական հիւանդանոց) կառուցմանը՝ նուիրաբերելով հարիւր հազար ռուպլ։ Արամեանցի անուան հետ կապուած է նաեւ իր կառուցած Թիֆլիսիի ներկայիս «Մարիոթ» հիւրանոցի շէնքը, որուն ճարտարապետը նոյնպէս հայ Գաբրիէլ Տէր-Միքելեանն էր։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ապաստաններ կառուցած է հայ գաղթականներու համար։

Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, Արամեանցը կորսնցուցած է իր գրեթէ ամբողջ կարողութիւնը։ Հարստութիւնէ եւ դիրքէն զրկուելով 1924 թուականին մահացած է սովի ու աղքատութեան մէջ։

Արամեանցը թաղուած է հայկական Խոճիվանքի Գերեզմանատունին մէջ։ Ստալինեան ժամանակաշրջանին գերեզմանատունն աւերած են, իսկ 1990-ական թուականներուն գերեզմանատունին տեղը շինած են վրացական Սամեպա տաճարը։ Կատարուած հողային աշխատանքներու հետեւանքով հարիւրաւոր աճիւններ, այդ թիւին նաեւ Արամեանցինը, ոչնչացուած են։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին