Սեպուհ Աբգարեան (12 Յունիս 1930, Կիպրոս, Նիկոսիայի շրջան — 5 Օգոստոս 2014, Նիկոսիա)։ Հայազգի մանկավարժ, գեղանկարիչ, երաժիշտ, ուսուցիչ, վարիչ, ձայնասփիւռի հաղորդավար եւ ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիկ Նուագախումբի եւ Երգչախումբի ղեկավար։
Ծնած է Կիպրոս, Նիկոսիա քաղաքը։ Արմատներով Սասունցի։ Կանուխ տարիքին, ընտանեօք կը տեղափոխուի Պէյրութ, ուր կ՚ուսանի Եդուարդ Տարօնեանի եւ Բարսեղ Կանաչեանի մօտ։ 1945-ին կը մեկնի Կիպրոս եւ 1950-51 տարեշրջանին կ՚աւարտէ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը։ Անկէ ետք կը մեկնի Ֆրանսա, որմէ ետք դարձեալ կը վերադառնայ Կիպրոս 1954-ին եւ կը պաշտօնավարէ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ներս ինչպէս նաեւ Կիպրոսի Հեռահաղորդակցութեան Ընկերութեան մէջ, եւ կը հիմնէ հայկական ձայնասփիւռի հաղորդումի ժամը, ուր կ՚աշխատի շուրջ 46 տարիներ ներկայացնելով տարբեր հայկական յայտագիրներ[1]:
1999-ին կը հրաւիրուի Գիւմրի, իբր խմբավար եւ գեղարուեստական պատասխանատու ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիկ նուագախումբ-երգչախումբին։ 2000-էն մինչեւ 2014՝ իր մահը, կը ղեկավարէ ԳՈՀԱՐ Համոյթը, մասնակցելով անոր 36 ելոյթներուն, աշխարհի չորս կողմերը։[2] [3]
2014-ին իր բնակարանին մէջ, Նիկոսիա վերջնական իր աչքերը կը փակէ։
Հարիւրաւոր եւ հարիւրաւոր Մելգոնեանցիներ մեծ յարգանքով եւ սիրով կը նային Սեպուհ Աբգարեանին, որպէս հարազատ ընտանիքի անդամ, մեծ եղբայր, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան տարածքի վրայ։
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը