Համօ Սահեան (14 Ապրիլ 1914, Լոռի – 17 Յուլիս 1993, Երեւան), հայ արեւելահայ բանաստեղծ։
Ծնած է Սիսեանի մօտ, գիւղացի ընտանիքի մը մէջ։ Դեռ պատանի՝ ընտանիքը փոխադրուած է Պաքու, ստացած՝ միջնակարգ ուսումը, աւարտած՝ մանկավարժական հիմնարկ ու գործած՝ մամուլի մէջ։ Միաժամանակ՝ լոյս ընծայած է քերթուածներու առաջին հատորները։
Սահեանի բանաստեղծութիւնները տպագրուած են դեռեւս 30-ական թուականներէն, սակայն համընդհանուր ճանաչման արժանացած է ռազմաճակատ եղած ընթացքին «Նայիրեան Դալար Բարտի» բանաստեղծութեամբ, զոր յատկանշական է Հայաստան երկրի հանդէպ կարօտի յուզական բռնկումով եւ անմիջականութեամբ։
1951-ին հաստատուած է Երեւան, ուր շարունակած է գործել մամլոյ («Աւանգարդ», «Ոզնի», «Գրական Թերթ») եւ վարչամշակութային հիմնարկներու մէջ, միւս կողմէն արտադրելով բանաստեղծական նոր գործեր։ Ունի նաեւ բանաստեղծական գործերու՝ թարգմանական ճոխ վաստակ, ռուս եւ խորհրդային ժամանակաշրջանի այլ գրականութիւններէ։
Մահացած է Երեւան։
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը