Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Հէնրիկ Հիւպշման

Հէնրիկ Հիւպշման (գերմաներէն՝ Heinrich Hübschmann, 1 Յուլիս 1848, Էրֆուրտ — 21 Յունուար 1908, Ֆրայպուրկ իմ Պրայսկաու) (Եոհան Հէնրիկ), գերմանացի Լեզուաբան, հայագէտ, իրանագէտ։ Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր (1872)։

Ծնած է Փրուսիոյ Էրֆուրթ քաղաքը։ 1868 թուականին Ենայի համալսարանին մէջ աշակերտած է Անտրէաս Շլայխըրի, ապա՝ հայագիտական բնագաւառէն ներս Ենայի եւ Թիւպինկէնի համալսարաններու փրոֆէսոր Ա. Մերքսին։

Աւարտած է Միւնիխի համալսարանի արեւելագիտութեան բաժինը (1872) եւ ստացած դոկտորի աստիճան։ Նոյն տարին Միւնիխի մէջ հրատարակած է «Հոլովումներու վարդապետութիւնը», որուն մէջ հայ լեզուին վերաբերեալ կարեւոր տեղեկութիւններ կան։ «Զրադաշտական երգ մը» (1872) ուսումնասիրութեան մէջ անոր ուշադրութիւնը գրաւած է նաեւ հայերէնը։ 1873-ին հրատարակած է քանի մը ուսումնասիրութիւններ Ավիստայի մասին։ 1873-1875 թուականներուն Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ ուսումնասիրած է այն եւ յետագային հիմնականօրէն զբաղած միայն հայերէնով։ 1875 թուականին Լայփցիկ համալսարանին մէջ դասախօսի պաշտօն ստանալուն համար ներկայացուցած է յիշատակագիր մը, արաբական տիրապետութեան շրջանին Հայաստանի վիճակի մասին քաղելով Սեփիոսէն, զոր գերմաներէնի թարգմանած է։ Հայոց լեզուի զարգացման մէջ մեծ տեղ յատկացուցած է ոչ լեզուական երեւոյթներուն՝ մշակոյթին, մշակութային փոխազդեցութիւններուն, տարածքային նուաճումներուն։

 

 

  Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը   

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին