«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աւետիք Ղուրպանեան (սեպտեմբերի 10, 1899 – դեկտեմբերի 7, 1938), բանաստեղծ, թարգմանիչ, ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ 1934-էն։
Ծնած է Ախալքալաք։ Ուսանած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ։ 1922-ին եղած է Վրաստանի գրողներու միութեան անդամ։ Մայակովսկայի առաջին հայ թարգմանիչն է։ 1926-ին Ռուսթաւելու անուան թատերասրահին մէջ, բեմադրած է «Արմեանսկի պազար» գործը։ 1933-ին Ա. Ղուրպանեան կը տեղափոխուի Երեւան եւ կ՛աշխատի Հայաստանի մշակոյթի եւ պատմութեան ու գրականութեան հիմնարկին մէջ, որպէս գիտաշխատող։
Ան ուսումնասիրած է Նահապետ Քուչակի, Ֆրիկի, Գրիգորիս Աղթամարցիի, Սայաթ-Նովայի գործերը եւ մենագրութիւններ գրած է անոնց մասին։ Զբաղած է նաեւ Խաչատուր Աբովեանի ժառանգութեամբ։ Մահացած է 1938-ին։