«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արտաշէս Յովսէփեան (22 Յունիս, 1931, Սիւնիք)-(6 Յուլիս, 2017) Քանդակագործ, ՀՀ ժողովրդական նկարիչ։
Արտաշէս Յովսէփեան կը Սերի Պարսկաստանի Սալմաստ գաւառի Սաւրա գիւղի Խաչատրեան տոհմէն։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սիսիանի միջնակարգ դպրոցէն, աշխատած է որպէս բանուոր, ապա՝ 1954 թուականին, ընդունուած Թերլեմեզեանի անուան ուսումնարան, երկրորդ տարին գործուղուած է Լենինկրատ՝ յաճախած Ռեբինի անուան գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան ու ճարտարապետութեան հիմնարկ, զոր աւարտած է 1961 թուականին։
Մասնակցած է թամանեանի յուշարձանի համար յայտարարուած մրցոյթին՝ արժանանալով առաջին ու երկրորդ մրցանակներուն։ Հեղինակած է Թամանեանի արձանը, որուն բացումը կայացած է 1974 թուականին։
Յովսէփեան 50-է աւելի բարձրաքանդակներու, բոլորաքանդակներու, կիսանդրիներու հեղինակ է, որոնց շարքին յիշատակման արժանի գործերէն են «Կարլ Մարքս» (1962), «Ալեքսանդր Թամանեան» (1974), «Արմէն Տիգրանեան» (1987), Սիսիանի մուտքի արծիւը, «Օրբելի եղբայրներ» (1988, Ծաղկաձոր), Երեւանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ բարձրաքանդակները (1975), մայր Աթոռի վեհարանի բակին մէջ կանգնեցուած խաչքարը, Երեւանի մեթրոյի «Սասունցի Դաւիթ» կայարանի բարձրաքանդակները (1981), «Եղիշէ Չարենց» (1961) եւ այլն։ Կատարած է նաեւ Նիւ Եորքի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ ճակատի բարձրաքանդակներու էսքիզները։