Արա Գէորգեան (Ապրիլ 19, 1960, Երեւան, Հայկական ԽՍՀ, ԽՍՀՄ), հայ երաժիշտ, երգահան, երաժիշտ։ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ (2004):
ՀՀ ժողովրդական երգչուհի Վալիա Սամուէլեանի որդին է։
Յաճախած էԱրմէն Տիգրանեանի անուան երաժշտական դպրոց: 1970-1980 թթ. Յաճախած է Երեւանի թիւ 8 գեղարուեստի ուսումնարան, 1983-1987 թթ.՝ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական հիմնարկի մշակոյթի բաժանմունքի փողային գործիքներու եւ էսդրատային բաժինը։ 1987-1989 թթ. նոյն հիմնարկի մէջ դասաւանդած է խմբավարութիւն եւ հանդիսացած հիմնարկի երաժշտական խումբի ղեկավարը։ 1992-1999 թթ. եղած է Հայաստանի Ազգային հեռատեսիլի «3-րդ ալիք» ծրագրի երաժշտական ղեկավարը։ 1983 թուականէն նուագած է «Ռալլի» նուագախումբի մէջ, մասնակցած է շարք մը փառատօներու բազմաթիւ երկիրներու մէջ։
2001 թուականին հեղինակային համերգ ունեցած է Հայաստանի մէջ՝ Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունման 1700-ամեակի առթիւ։ 2005 թուականին, Հայոց Մեծ Եղեռնի 90-ամեակի առթիւ, անոր գրած «Ատանա» երգը թարգմանուած եւ ձայնագրուած է 20 լեզուներով ու հնչած Ծիծեռնակաբերդի մէջ՝ տարբեր երկրներէն ժամանած յայտնի երգիչներու կատարմամբ։ Յետագային նախաձեռնութիւնը շարունակուած է ԱՄՆ-ի քաղաքներու մէջ։ 2005 թուականին հիմնադրած է 40 երաժիշտներէ բաղկացած ժողովրդական գործիքներու նուագախումբ, որ յետագային դարձած է Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբ։
Գրած է տարբեր ֆիլմերու երաժշտութիւն՝ «Քրմուհի», «Խնկարկում», «Եարխուշտա» եւ այլն, ներկայացումներու՝ «Բարի գալուստ», «Կռունկներ ետ դարձէք» եւ այլն, աշխարհի տարբեր մարզական ձեռնարկներու համար։ Ընտրուած է Գանատայի միջազգային կաճառի անդամ։