«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աղազար Նազարէթ Լազարեան (3 Ապրիլ 1700, Նոր Ջուղա, (Սպահան) – Յունուար 1782, Մոսկուա), հայ հասարակական գործիչ, վաճառական։ Լազարեաններու տոհմէն է։ Եղած է Նոր Ջուղայի կառավարիչը։ Յարութիւն եւ Մանուկ եղբայրներու հետ 1741 թուականին կը հիմնէ ընկերութիւն մը եւ առեւտրական աշխատանքներ կը սկսի Ռուսիոյ հետ։ 1747 թուականէն ետք կը հաստատուին Աստրախան, իսկ 1749 թուականին կը տեղափոխուին Մոսկուա, ուր կը գտնեն եւ կը մեծցնեն Ֆրիւնովի մետաքսագործական ընկերութիւնը։ 1774 թուականին Եկատերինա II-ի հրամանով Լազարեաններուն կը շնորհուի ռուս ժառանգական ազնուականներու տիտղոսը։ Աղազար Լազարեանը 1779 թուականին Մոսկուայի մէջ կը կառուցէ հայոց Սուրբ Խաչ եկեղեցին: